Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Պատրաստ Է «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպումներուն․ Փաշինեան

Հայաստանը Պատրաստ Է «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպումներուն․ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանը պատրաստ է «3+3» ձեւաչափով հանդիպումներուն, Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ Երեւանը նաեւ կը կարեւորէ այդ ձեւաչափին մէջ աշխատանքը։

Փաշինեան պարզաբանեց, որ այնպէս չստացուի, որ Հայաստանը տարածաշրջանային օրակարգը անընդհատ կը քննարկէ հեռու տեղերու, եւ չի քննարկեր այս տարածաշրջանին մէջ։

«Հասկանում ենք, ի հարկէ միջազգային հանրութիւնը, մեր գործընկերութիւնը բոլոր գործընկերների հետ շատ կարեւոր է, բայց յանկարծ տպաւորութիւն չստեղծուի մեր տարածաշրջանում, թէ մենք մեր տարածաշրջանի երկրների եւ յարաբերութիւնների նկատմամբ ունենք, այսպէս ասած, քամահրական վերաբերմունք», ըսաւ վարչապետը՝ շեշտելով, որ կը կարեւորեն տարածաշրջանային յարաբերութիւնները՝ զանոնք դուրս չդնելով միջազգային յարաբերութիւններու ընդհանուր բնաբանէն:

Փաշինեան նաեւ տեղեկացուց, որ ժամանակին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր, որ «3+3» ձեւաչափի յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Թեհրանի մէջ: Երեւանը, ըստ Գործադիրի ղեկավարին, պատրաստ է, սակայն յաւելեալ քննարկման հարցեր կան։

«Նախ՝ հանդիպումները գոնէ մինչեւ այս պահը տեղի են ունեցել արտաքին գործերի նախարարի տեղակալի մակարդակով, հիմա նաեւ պէտք է ճշգրտուի, թէ ինչպիսին է կողմերի ընկալումը՝ ինչ մակարդակով է պէտք շարունակել խօսակցութիւնը, եւ մենք պատրաստ ենք», ըսաւ Փաշինեան նաեւ շեշտելով, որ չէ եղած դէպք, որ այդ ձեւաչափով քննարկումները յետաձգուին կամ տեղի չունենան Երեւանի պատճառով:

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment