Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Նստաշրջանին 34 Երկիր Հանդէս Եկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մարդասիրական Ճգնաժամին Վերաբերեալ Յայտարարութեամբ

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Նստաշրջանին 34 Երկիր Հանդէս Եկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մարդասիրական Ճգնաժամին Վերաբերեալ Յայտարարութեամբ

by MassisPost

Ժընեւի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 54-րդ նստաշրջանին 34 երկիրներ հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, ուր խոր մտահոգութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու ծանրագոյն ճգնաժամին առնչութեամբ։

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան փոխանցմամբ՝ համատեղ յայտարարութիւնը ընթերցուած է ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին մէջ Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հայ ազգաբնակչութեան զանգուածային տեղահանումը իրենց տուներէն տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի կողմէ Սեպտեմբեր 19-ին իրականացուած ռազմական գործողութեան, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքին՝ ինն ամիս շարունակուող արգելափակման հետեւանքով։

Համատեղ յայտարարութեան հեղինակները համաձայնութիւն յայտնած են Մարդու իրաւունքներու հարցերով ՄԱԿ-ի բարձր յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքի հետ, որ անհրաժեշտ է անյապաղ, անկախ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու շուրջ։ Անոնք նաեւ համոզմունք յայտնած են, որ Բարձր յանձնակատարին գրասենեակը պէտք է մշտադիտարկում իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, հանդիպի Հայաստան տեղահանուած փախստականներուն հետ եւ անոր մասին զեկուցէ Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին։ Երկիրները պատրաստակամութիւն յայտնած են դիտարկելու Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին մէջ հետագայ այլ քայլերու իրականացման հնարաւորութիւնը։

Յայտարարությունը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ անյապաղ ստեղծելու պայմաններ՝ կամաւոր, անվտանգ, արժանապատիւ եւ մշտական վերադարձ ապահովելու այն անձերուն համար, որոնք կ’ուզեն վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղ, իրականացնելու Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին ս.թ. Սեպտեմբեր 22-ի միջանկեալ որոշման դրոյթները, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի, 2023-ի Փետրուար 22-ի եւ Յուլիս 6-ի որոշումները եւ երաշխաւորելու հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։

«Միջազգային առաքելութիւններու մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ էական է օժանդակութիւն տրամադրելու, անկողմնակալ մշտադիտարկում իրականացնելու, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին վերաբերող զեկոյցներ կազմելու համար։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է անվերապահօրէն յարգուին: Մենք մեծապէս կ’աջակցինք բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութեան՝ համապարփակ եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան միացած են Հայաստանը, ԱՄՆ-ը, Ֆրանսան, Գերմանիան, Պելճիքան, Աւստրալիան, Աւստրիան, Սպանիան, Գանատան, Կիպրոսը, Յունաստանը, Ճափոնը, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Հոլանտան, Շուէտը, Զուիցերիան, Ուրուկուէյը եւ եւս 17 երկիրներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment