Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Հոկտեմբեր 18-ին Ելոյթ Պիտի Ունենայ Սթրասպուրկի Մէջ

Փաշինեան Հոկտեմբեր 18-ին Ելոյթ Պիտի Ունենայ Սթրասպուրկի Մէջ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 18-ին ելոյթ պիտի ունենայ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին, յայտնած է Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան՝ ասուլիսի ժամանակ։

«Ես հրաւիրած եմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ ունենալու Եւրոխորհրդարանին մէջ Հոկտեմբեր 18-ին՝ 10 օրէն», ըսաւ Մեցոլա՝ շարունակելով․ «Այս պահին մենք կը կեդրոնանանք մարդասիրական խնդիրներուն վրայ, թէ ինչպէս օգնել Հայաստանին՝ ընդունելու հազարաւոր փախստականները, որոնք հարկադրուած եղած են հեռանալ։ Մենք նաեւ կը քաջալերենք լարուածութեան թուլացումը»։

Ան յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային լարուածութեան թուլացման յստակ արդիւնքներ կ’ըլլան՝ վկայակոչելով նաեւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ջանքերը այս ուղղութեամբ։

Նախօրէին Եւրոխորհրդարանը ձայներու գերակշռող մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւին, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը հաւասարազօր կը համարէ ցեղային զտումներուն։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment