Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաթրին Քոլոնան Պաշտպանութեան Նախարարին Յանձնարարած Է Գնահատել Հայաստանին Ռազմական Օգնութիւն Ցուցաբերելու Ֆրանսայի Հնարաւորութիւնները

Քաթրին Քոլոնան Պաշտպանութեան Նախարարին Յանձնարարած Է Գնահատել Հայաստանին Ռազմական Օգնութիւն Ցուցաբերելու Ֆրանսայի Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոնան «France 2» հեռուստաալիքի եթերով հաստատած է, որ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարութեան ղեկավար Սեպասթիան Լեքորնին յանձնարարած է գնահատել Հայաստանին ռազմական օգնութիւն ցուցաբերելու Ֆրանսայի հնարաւորութիւնները։

Ան չէ նշած յստակ ժամկէտները եւ սպառազինութեան տեսակները, որոնք Փարիզը կրնայ մատակարարել Երեւանին:

«Մենք երկխօսութիւն կը վարենք Երեւանի հետ՝ գնահատելու համար անոր սպառազինութեան կարիքները։ Սա նաեւ միջոց է՝ խուսափելու աւելի բարդ իրավիճակէն, որ այս անգամ անկասկած պիտի յանգեցնէ Եւրոպայի կամ առնուազն Ֆրանսայի կոշտ պատժամիջոցներուն», ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment