Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միշէլի Հետ Զրոյցին Ալիեւ Բողոքած Է Եւրոխորհրդարանէն Ու Ֆրանսայէն

Միշէլի Հետ Զրոյցին Ալիեւ Բողոքած Է Եւրոխորհրդարանէն Ու Ֆրանսայէն

by MassisPost

Պրիւսէլեան հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներու շրջանակներուն մէջ Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

X-ի իր էջով Միշէլ գրած է, որ Ալիեւին փոխանցած է ԵՄ հաւատարմութիւնը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

«Կրկնեցի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի եւ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ յառաջընթացի անհրաժեշտութիւնը։ Ընդգծեցի նաեւ Ղարաբաղի հայերուն անվտանգութիւնն ու իրաւունքները երկարաժամկէտ հեռանկարով ապահովելու անհրաժեշտութիւնը», գրած է Միշէլ։

Ատրպէյճանական «Turan» գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահին գրասենեակը, կը հաղորդէ, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ալիեւ անդրադարձած է Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւին, զայն համարելով՝ «հակաատրպէյճանական»՝ շեշտելով, որ անոր մէջ կատարուած պնդումները «անընդունելի» են եւ «չեն ծառայեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման»։

Ինչ կը վերաբերի Կրանատայի մէջ ընդունուած քառակողմ յայտարարութեան, ըստ «Turan»-ի, ընդգծելով, որ Ատրպէյճանը չէ մասնակցած անոր՝ Ալիեւ ըսած է, որ հետեւաբար այդ «սխալ մօտեցում է»։

Ատրպէյճանի նախագահը միաժամանակ շեշտած է, որ Պաքուն չէ մասնակցած այդ հանդիպման՝ «Ֆրանսայի կողմնակալ դիրքորոշման պատճառով»։

Ան նաեւ նշած է, որ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին զէնք տրամադրելու մօտեցումը կը ծառայէ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ՝ նոր հակամարտութեան։ «Իսկ եթէ տարածաշրջանին մէջ դարձեալ հակամարտութիւն սկսի, մեղաւորը Ֆրանսան պիտի ըլլայ», ըսած է Ալիեւ։

Ատրպէյճանի նախագահը յիշեցուցած է 8 գիւղերու մասին՝ շեշտելով, որ «անոնք դեռ կը գտնուին Հայաստանի տիրապետութեան տակ», ապա ընդգծած է «անոնց ազատագրման կարեւորութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment