Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻԵԴ-ը Բաւարարած Է Հայաստանի Պահանջը Եւ Միջանկեալ Միջոց Կիրառած Է Ատրպէյճանի Դէմ

ՄԻԵԴ-ը Բաւարարած Է Հայաստանի Պահանջը Եւ Միջանկեալ Միջոց Կիրառած Է Ատրպէյճանի Դէմ

by MassisPost

ՄԻԵԴ-ը ամբողջութեամբ բաւարարած է ՀՀ կառավարութեան պահանջը եւ միջանկեալ միջոց կիրառած է ընդդէմ Ատրպէյճանի:

Մասնաւորապէս, ինչպէս Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակը կը հաղորդէ, ՄԻԵԴ-ը Ատրպէյճանին պարտաւորեցուցած է ձեռնպահ մնալ որեւէ գործողութեան իրականացումէ, որ կրնայ յանգեցնել Ուխտի 2-րդ (կեանքի իրաւունք) եւ 3-րդ (խոշտանգման արգելք) յօդուածներով երաշխաւորուող իրաւունքներու խախտման:

ՄԻԵԴ-ը նաեւ որոշում կայացուցած է այս մասին հրատապ ծանուցել ԵԽ Նախարարներու Կոմիտէին:

Հայաստանը պահանջած էր ՄԻԵԴ-էն լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան իրաւունքներուն սպառնացող անդառնալի կորուստը կանխելու նպատակով միջանկեալ միջոց կիրառել Ատրպէյճանի դէմ։

Մասնաւորապէս, պահանջուած էր պարտաւորեցնել Ատրպէյճանին դադրեցնել զինուած ուժերու կողմէ բոլոր քաղաքացիական կառոյցներու, բնակավայրերու եւ բնակչութեան թիրախաւորումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment