Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Հայերուն Կը Մնայ Մէկ Ճանապարհ՝ Ենթարկուիլ Ատրպէյճանի Օրէնքներուն. Ալիեւ

Ղարաբաղի Հայերուն Կը Մնայ Մէկ Ճանապարհ՝ Ենթարկուիլ Ատրպէյճանի Օրէնքներուն. Ալիեւ

by MassisPost

Այս մասին Ալիեւ առաջին անգամ խօսած էր անցեալ Մայիսին՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան օրը: «Ղարաբաղի հայերուն կը մնայ մէկ ճանապարհ՝ աղբարկղը նետել կեղծ պետական յատկանիշերը, լուծարել խորհրդարանը եւ ենթարկուի Ատրպէյճանի օրէնքներուն։ Նախագահը, նախարարները, պատգամաւորները պէտք է լքեն իրենց պաշտօնները եւ յանձնուին։ Միայն այդ պարագային անոնց նկատմամբ կրնան ներողամտութիւն ցուցաբերուիլ։ Միայն այդ պարագային կրնայ խօսք ըլլալ համաներման մասին», ըսած էր Ալիեւ ամիսներ առաջ։

Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը ողջունած էր Ալիեւի այս յայտարարութիւնը, պաշտօնական Երեւանն ու Ստեփանակերտը՝ դատապարտած։ Երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլ, ըստ «Ազատութեան» աղբիւրներուն, կրկին օրակարգ բերած է հարցը։ Ալիեւ խոստացած է, որ վերահամարկման ծիրին մէջ՝ Ատրպէյճանի օրէնքները ընդունելու, զէնքերը վար դնելու պարագային քննարկել համաներման հնարաւորութիւնը։

«Ազատութիւն»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment