Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եվլախի Հանդիպում – Պաքուի Հետ Վերջնական Համաձայնութիւն Դեռ Չկայ

Եվլախի Հանդիպում – Պաքուի Հետ Վերջնական Համաձայնութիւն Դեռ Չկայ

by MassisPost

Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչ Դաւիթ Մելքոնեան Եվլախի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ «Ռոյթըրզ»-ին ըսած է, որ Պաքուի հետ վերջնական պայմանաւորուածութիւն չկայ, մանրամասնութիւնները պէտք է համաձայնեցուին։

Հինգշաբթի Ատրպէյճանի Եվլախ քաղաքին մէջ՝ Ստեփանակերտէն 100 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք, տեղի ունեցած է ատրպէյճանական պատուիրակութեան եւ Ղարաբաղի հայութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը։ Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ ապրող հայերու մէկ միասնական պետութեան մէջ վերահամարկման հարցեր։

Ըստ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթ»ի գործակալութեան՝ Մելքոնեան նշած է, որ Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը համաձայնած է Պաքուի հետ զինադադարի, սակայն պայմանները դեռ պէտք է մշակուին։ «Մենք ունենք ռազմական գործողութիւնները դադարեցնելու պայմանաւորուածութիւն, բայց սպասում ենք վերջնական համաձայնութեան, բանակցութիւնները շարունակւում են», նշած է Մելքոնեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment