Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինը Յոյսով Է՝ Պաքուն Արցախի Մէջ Ցեղային Զտումներ Չ’իրականացներ

Փութինը Յոյսով Է՝ Պաքուն Արցախի Մէջ Ցեղային Զտումներ Չ’իրականացներ

by MassisPost

Վլատիմիր Փութինը յոյս ունի, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը Արցախի մէջ ցեղային զտումներ չ’իրականացներ։ Ռուսաստանի նախագահին խօսքով՝ Ալիեւի վարչակազմը իրենց հաւաստիացուցած է, որ կողմ են «փափուկ գործընթացներու»։ Թէ ատրպէյճանական կողմը յատկապէս որ գործընթացները կը նախատեսէ փափուկ իրականացնել, Ռուսաստանի առաջնորդը չմանրամասնեց։

«Յոյսով եմ, որ ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը, ինչպէս միշտ մեզի ըսած է եւ մինչեւ հիմա ալ կ’ըսէ, հետաքրքրուած չէ ցեղային զտումներով։ Աւելին՝ ընդհակառակը, հետաքրքրուած է, որպէսզի այդ գործընթացը փափուկ ընթանայ», յայտնեց Փութինը։

Քրեմլինի ղեկավարը այս մասին խօսեցաւ Վլատիվոսթոքի մէջ Արեւելեան Տնտեսական Համագումարի ծիրին մէջ՝ արձագանգելով Երեւանէն Մոսկուայի հասցէին ամենաբարձր մակարդակով հնչող մեղադրանքներուն, այդ շարքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման երկարամեայ միջնորդը յիշեցուց, որ տարիներ շարունակ Հայաստանի իշխանութիւնները մերժած են խնդիրը լուծել տարածքային զիջումներու ճանապարհով, պնդելով որ պիտի պայքարին. «Մենք կը տեսնենք եւ կը հասկնանք, թէ ինչ կը կատարուի։ Այս մասին շատ կարելի է խօսի։ Մենք առաջարկած ենք կարգաւորման մեր տարբերակները։ Հայաստանը կը վերահսէր եօթը շրջան, մենք առաջարկեցինք Ատրպէյճանի հետ համաձայնութեան գալ այնպէս, որ երկու շրջանները՝ Քելբաջարն ու Լաչինը, մնան փաստացի Հայաստանի վերահսկողութեան տակ, նաեւ՝ Ղարաբաղը, սակայն Հայաստանի ղեկավարութիւնը չհամաձայնեցաւ անոր, թէեւ մենք մէկ տասնամեակ փորձած ենք համոզել Հայաստանի ղեկավարութիւնը։ Երբ կը հարցնէինք՝ ի՞նչ պիտի ընէք, մեզի կը պատասխանէին՝ պիտի կռուինք։ Լաւ։ Ի վերջոյ, ամէն ինչ հասաւ այն իրավիճակին, որ այժմ ստեղծուած է»։

Ռուսաստանի առաջնորդը իր ծաւալուն խօսքին մէջ չանդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ անձամբ իր միջնորդութեամբ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք, հայկական կողմին գնահատմամբ, Ատրպէյճանը պարբերաբար կը խախտէ, ինչի հետեւանքներէն մէկը Լաչինի միջանցքին շրջափակումն է։ Ան որեւէ բառ չըսաւ նաեւ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ինը ամիս շարունակուող մարդասիրական ծանր ճգնաժամի, սովի չվերացող վտանգին մասին։ Ընդ որում՝ ստեղծուած իրավիճակին համար ան ոչ թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, այլ Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւնը մեղադրեց՝ պնդելով, որ Փաշինեանի կողմէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալով փակուած է Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը եւ Մոսկուայի ընելիքները այլեւս սահմանափակ են։

«Եւ Փրակի յայտարարութիւնը սա ճշդեց թուղթի վրայ։ Մենք գիտենք այս մասին։ Հիմա նախագահ Ալիեւը ինծի կ’ըսէ՝ «դուք գիտէք, որ Հայաստանը ճանչցած է, որ Ղարաբաղը մերն է, որ Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը այլեւս դրուած չէ սեղանին, այն լուծուած է»։ Եւ այդ հրապարակաւ յայտարարեց Հայաստանի ղեկավարութիւնը։ Սա մեր որոշումը չէ, այլ՝ Հայաստանի ղեկավարութեան», յայտնեց Ռուսաստանի նախագահը։

Քրեմլինի ղեկավարը իր խօսքին մէջ քանի մը անգամ յատուկ շեշտեց, որ Ռուսաստանը չէ, այլ Հայաստանը ճանչցած է Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս եւ եթէ Հայաստանը ինք գացած է այդ քայլին, ապա Մոսկուան ի՞նչ պէտք է ընէ։

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, որ մինչեւ 2025 թուականը պարտաւորուած է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութիւնը՝ տեղակայելով այնտեղ մօտ 2000 զինուորական, կ’ընդունի որ դեռ խնդիրներ ունի լուծելու։ Խօսքը, ինչպէս Փութին ընդգծեց, զուտ մարդասիրական բնոյթի խնդիրներուն մասին է։

«Ի հարկէ այստեղ այլ հարցեր կը ծագին՝ կապուած մարդասիրական բաղադրիչի եւ մեր խաղաղապահներու մանտաթին հետ։ Մանտաթը դեռ ուժի մէջ է։ Բայց մարդասիրական բնոյթի հարցերը, այնտեղ որեւէ տեսակի ցեղային զտումներ թոյլ չտալը, ի հարկէ, չեն վերացած, եւ ես լիովին համաձայն եմ անոր», նշած է Ռուսաստանի նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment