Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստանին Մենք Կը Վերաբերինք Որպէս Դաշնակից». Ռուսիոյ Փոխվարչապետ

«Հայաստանին Մենք Կը Վերաբերինք Որպէս Դաշնակից». Ռուսիոյ Փոխվարչապետ

by MassisPost

Ռուսաստանը Հայաստանին կը վերաբերի որպէս դաշնակից. այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը Արեւելեան Տնտեսական Համագումարի ծիրին մէջ։

«Հայաստանը մեր դաշնակիցն է: Այդպէս մենք կը վերաբերինք Հայաստանին», ըսած է ան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք վատացա՞ծ են յարաբերութիւնները Երեւանի հետ համարկման կառոյցներուն առումով։

Օվերչուքը նաեւ նշած է, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ շփումները կրնան տեղի ունենալ Սեպտեմբեր 27-ին կայանալիք Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի (ԵՏՀ) խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ։

Աւելի վաղ, Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած էր, որ Ռուսաստանը կը շարունակէ կատարել անվտանգութեան երաշխաւորի իր գործառոյթները։ Մոսկուան կը շարունակէ նաեւ հետեւողական եւ կառուցողական աշխատանքը ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ Պաքուի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment