Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Եւ Ռազմական Լարուածութեան Աճը Արժանի Են Միջազգային Հրատապ Արձագանգի. Freedom House

Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Եւ Ռազմական Լարուածութեան Աճը Արժանի Են Միջազգային Հրատապ Արձագանգի. Freedom House

by MassisPost

Ռազմական լարուածութեան աճը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու՝ տարածաշրջանը հարկադրուած լքելու վտանգը արժանի են միջազգային հրատապ արձագանգի։ Այս մասին յայտարարած է Freedom House միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան նախագահ Մայքըլ Ապրամովիցը՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սրող մարդասիրական իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի շփման գիծի երկայնքով ռազմական տեխնիկայի կուտակման մասին տեղեկութիւններուն։

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի շփման գիծի երկայնքով ատրպէյճանական զրահասարքերու կուտակման մասին տեղեկութիւններով։ Մենք կը դատապարտենք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակուելու որեւէ ծրագիր եւ միջնորդ կողմերուն կոչ կ’ընենք աշխատելու Հայաստանի սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որ թարգմանաբար հրապարակած է Freedom House-ի հայաստանեան գրասենեակը։

«Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին շրջափակումը ցեղային զտման վտանգ կը ստեղծէ տարածաշրջանի հայ բնակչութեան համար եւ կը սրէ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը», կը յայտնէ Ապրամովիցը։

«Մենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ընենք անկեղծօրէն ներգրաւուելու խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ, ձեռնպահ մնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն անվտանգութիւնը անոնց դէմ իբրեւ զէնք կիրառելէ եւ բանալու Լաչինի միջանցքը՝ երաշխաւորելու մարդոց, ինքնաշարժներու եւ բեռներու անխոչընդոտ երկկողմ տեղաշարժը: Մենք նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին կոչ կ’ընենք նշանակելու Յատուկ Զեկուցող՝ գնահատելու մարդու իրաւունքներուն իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսուած է Freedom House-ի նախագահին յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment