Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մենենտես. Ուաշինկթընը Պէտք Է Պատժամիջոցներ Սահմանէ Ատրպէյճանի Բռնապետին Դէմ

Մենենտես. Ուաշինկթընը Պէտք Է Պատժամիջոցներ Սահմանէ Ատրպէյճանի Բռնապետին Դէմ

by MassisPost

Ալիեւը ցեղասպան մտադրութիւններ ունի, Ուաշինկթընը պէտք է պատժամիջոցներ սահմանէ Ատրպէյճանի բռնապետին դէմ, յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսը:

«Սարսափելի իրադարձութիւններ»․ ամերիկացի ազդեցիկ քաղաքական գործիչը այսպէս սկսած է իր մօտ 15-վայրկեաննոց ճառը՝ զայն հասցէագրելով Սպիտակ Տան ղեկավարին:

Մանրակրկիտ ներկայացնելով Արցախի պաշարման հետեւանքները՝ սնունդի, մաքրութեան պարագաներու բացակայութիւն, տեղաշարժի արգելանք, մարդոց՝ այդ շարքին ծանր հիւանդի, ատրպէյճանցի ուժայիններու կողմէ առեւանգման դէպքեր, թերսնուած բնակչութիւն…

Մենենտեսը ցուցադրած է Արցախի մէջ սովամահութեան առաջին զոհի լուսանկարները եւ յատուկ ընդգծած, որ լուսանկարը արխիւային չէ, այդ մարդը օսմանեան թուրքերու իրականացուցրած ցեղասպանութեան զոհերէն չէ, Հոլոքոսթի վերապրածներէն չէ, քամպոճացի չէ․ «Ընդամէնը քանի մը շաբթուայ լուսանկար է Լեռնային Ղարաբաղէն», ըսած է քաղաքական գործիչը:

«Ալիեւի կառավարութիւնը սարսափելի բռնութիւններու արշաւ կ’իրականացնէ, որոնք ունին Արցախի հայերու դէմ ցեղասպանութեան բոլոր նշանները։ Անոնք նպատակային եւ չարամիտ կերպով շուրջ 120 հազար քրիստոնեայ հայեր արգելափակած են Ղարաբաղի լեռներուն մէջ… Ալիեւը եւ անոր վարչակարգը կը փորձեն այս մարդիկը սովի մատնել՝ ստիպելով մահանալ կամ ենթարկուիլ քաղաքական հպատակեցման», ընդգծած է Մենենտես:

ԱՄՆ Ծերակոտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահը նաեւ պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշումը վկայակոչած է, ըստ որուն՝ «մտահոգուելու պատճառ չկայ», միաժամանակ Ալիեւի աղմկայարոյց յայտարարութիւնը մէջբերած է, որով ան կը սպառնար «շուներու պէս վռնտել» հայերը, յետոյ ալ՝ Լաչինի միջանցքը փակելէ յետոյ կը հաւաստիացնէ, թէ ցեղային զտումներ չ’իրականացներ։

«Այս պահին ԱՄՆ կը ձախողի։ ԱՄՆ չի բաւարարեր մարդասիրական կարիքները եւ հրապարակայնօրէն բաւականաչափ ճնշում չի գործադրեր Ալիեւի վրայ՝ դադրեցնելու ցեղային զտման արշաւը», յայտնած է Մենենտես՝ իր կուսակից նախագահին կոչ ընելով դադրեցնելու անվտանգութեան ապահովման ուղղուած որեւէ տեսակի աջակցութիւն Ատրպէյճանին:

Ամերիկացի օրէնսդիրը պնդած է՝ Ուաշինկթընը կրնայ եւ պարտաւոր է գործուն դեր խաղալ հակամարտութեան լուծման գործին մէջ, յատկապէս երբ, ինչպէս շեշտած է, ռուս խաղաղապահները ապացուցած են, որ արդիւնաւէտ չեն:

Պոպ Մենենտեսի կարծիքով՝ Միացեալ Նահանգները պէտք է փոխէ մօտեցումը, միջնորդութենէն բացի նաեւ հետամուտ ըլլայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքները, անվտանգութիւնը, արժանապատուութիւնը երաշխաւորուած ըլլան, նաեւ միջնորդէ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ ուղիղ քննարկումները:

«Բնականաբար, ազնիւ միջնորդութիւնը կ’ենթադրէ, որ մենք պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք Ատրպէյճանի վայրագութիւններուն մասին։ Մենք պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկենք այն անձերը, որոնք կ’իրականացնեն ցեղային զտումներու այդ արշաւը: Մենք պէտք է պատժամիջոցներ սահմանենք անոնց նկատմամբ՝ այդ շարքին նախագահ Ալիեւի։ Մենք պէտք է արգելափակենք անոնց թաքցուցած հարստութեան ու քարիւղային փողերուն, զբօսանաւերուն եւ Եւրոպայի մէջ անոնց առանձնատուներուն հասանելիութիւնը», յայտնած է ազդեցիկ ծերակուտականը:

ԱՄՆ բարձրաստիճան գոնկրէսականը իր ծաւալուն ելոյթի աւարտին հաւաստիացուցած է, որ այդ դաժան արշաւը կազմակերպող եւ իրականացնող տղամարդիկ չեն խուսափիր պատասխանատուութենէ: «Մենք ձեզ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկենք ձեր յանցագործութիւններուն համար, նոյնիսկ եթէ այդ տեւէ ամբողջ կեանք մը: Դուք գին պիտի վճարէք։ Դուք պիտի կանգնիք արդարադատութեան առջեւ», յայտնած է Մենենտես։

«Ազատութիւն»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment