Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կալանք Դրուած Է Նախկին Պատգամաւոր Ռուբէն Գէորգեանի (Ծաղիկ Ռուբօ) Դստեր Պատկանող Հողատարածքին Վրայ. Վճաբեկ Բողոքը Բաւարարուած Է

Կալանք Դրուած Է Նախկին Պատգամաւոր Ռուբէն Գէորգեանի (Ծաղիկ Ռուբօ) Դստեր Պատկանող Հողատարածքին Վրայ. Վճաբեկ Բողոքը Բաւարարուած Է

by MassisPost

Վճռաբեկ Դատարանի Հակափտածութեան Պալատը 2023 թուականի Սեպտեմբեր 4-ին ամբողջութեամբ բաւարարած է գլխաւոր դատախազի տեղակալին վճռաբեկ բողոքը՝ կալանք դնելով ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Ռ.Գ.-ի դստեր՝ Ա.Գ.-ին, օրէնքի խախտմամբ օտարուած՝ Դաւթաշէն վարչական շրջանի Տ. Պետրոսեան փողոցի 44/2 հասցէին գտնուող, 6452 քմ մակերեսով հողատարածքին վրայ:

Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի Յունիս 24-ին քննիչին կողմէ որոշում կայացուած էր կալանք դնել վերոնշեալ տարածքին վրայ: Քննիչի որոշման դէմ 2020 թուականի Հոկտեմբեր 13-ին Ա.Գ.-ի ներկայացուցիչին կողմէ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան ներկայացուած էր բողոք, որը մերժուել էր, իսկ Վերաքննիչ քրէական դատարան ներկայացուած բողոքը 2021 թուականի Յունուար 12-ի որոշմամբ՝ բաւարարուած: Այդ պատճառով, Վերաքննիչ քրէական դատարանը Առաջին ատեանի դատարանին որոշումը բեկանած էր՝ միաժամանակ վարոյթը իրականացնող մարմինին պարտաւորեցնելով վերացնել Ա.Գ.-ի իրաւունքներու եւ օրինական շահերու խախտումը:

ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալին կողմէ 2021 Փետրուար 22-ին Վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշման դէմ ներկայացուած էր վճռաբեկ բողոք, որ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 4-ին բաւարարուած է:

Վճռաբեկ Դատարանի յիշեալ որոշումը ուղարկուած է վարոյթը իրականացնող մարմին՝ որոշման պահանջներուն կատարումը ապահովելու նպատակով:

Յիշեցնենք, որ Գլխաւոր դատախազութիւնը, պետական (համայնքային) շահի պաշտպանութեան հայց յարուցելու լիազօրութեան ծիրին մէջ, երեք հայցով կը վիճարկէ նաեւ վերոնշեալ հասցէէն՝ «Ռիպոք» մարզական համալիրի զբաղեցուցած տարածքէն, հողամասը ֆիզիքական անձին օտարելու գործընթացը (իրաւունքը արձանագրելու պահին տարածքը հանդիսացած է այգի, ընդգրկուած եղած է Հողային օրէնսգիրքի 60-րդ յօդուածով սահմանուած՝ օտարման ոչ ենթակայ հողամասերու ցանկին մէջ):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment