Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեկնարկեցին Հայ-Ամերիկեան Զօրավարժութիւնները

Մեկնարկեցին Հայ-Ամերիկեան Զօրավարժութիւնները

by MassisPost

Հայաստանի մէջ մեկնարկեցին հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւնները, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ Սեպտեմբեր 20։

Մոսկուայի խիստ դժգոհութիւնը յարուցած վարժանքները խաղաղապահ բնոյթի են․ հայ եւ ամերիկացի զինուորականները պիտի կատարելագործեն միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ կայունացման գործողութիւնները։

Ամերիկեան կողմէ վարժանքներուն մէջ ընդգրկուած է 85, իսկ Հայաստանը կը ներկայացնէ 175 զինուորական։ Ծանր զինատեսակ պիտի չկիրառուի, միայն հրաձգային զինատեսակներ։ Եւ չնայած ամերիկեան կողմը կը յիշեցնէ, որ համատեղ զօրավարժութիւններ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ Երեւանն ու Ուաշինկթընը ունեցած են սկսած դեռ 20 տարի առաջուընէ՝ Ռուսաստանի իշխանութիւնները ամենատարբեր մակարդակներով կը քննադատեն Հայաստանի այս որոշումը։

Արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով կ՛ըսէր, թէ որեւէ լաւ բան չի տեսներ, որ ՆԱԹՕ-ի յարձակողական երկիրը կը փորձէ ներթափանցել Կովկաս։

«Չեմ կարծեր, որ այդ լաւ է ոեւէ մէկուն համար, այդ շարքին՝ նոյն ինքն Հայաստանի։ Ուր ալ յայտնուած են ամերիկացիները, գիտէք՝ անոնք հարիւրաւոր կայաններ ունին աշխարհով մէկ, այդ լաւ բանի չէ յանգեցուցած։ Այս որոշումը յատկապէս տարօրինակ է այն պարագային, որ երկու տարի է՝ Հայաստանը կը մերժէ մասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի վարժանքներուն՝ բացատրելով այդ, որ եթէ դաշինքը դատապարտէ Ատրպէյճանը, նոր միայն Հայաստանը պիտի աշխատի ՀԱՊԿ-ի մէջ: Սակայն, երբ կը հարցնենք, որ այդ պարագային ինչո՞ւ կը շփուիք ամերիկացիներուն եւ եւրոպացիներուն հետ, որոնք չեն դատապարտեր Ատրպէյճանը, Երեւանը կը պատասխանէ, որ անոնք չեն իրենց դաշնակիցը, այլ՝ ՀԱՊԿ-ը, ուրեմն մենք պիտի դատապարտենք: Այսպիսի տարօրինակ եւ պարզունակ տրամաբանութիւն», ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարը։

Զօրավարժութիւններու մեկնարկին «Ֆրանսփրես» գործակալութիւնը հարցումներ կատարած է Երեւանի մէջ, հայաստանցիները արեւմտեան լրատուամիջոցին հետ զրոյցին հիմնականին մէջ դժգոհած են Ռուսաստանէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment