Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Որեւէ Համաձայնագիր Պէտք Է Պաշտպանէ ԼՂ Բնակիչներուն Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը. Պլինքըն

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Որեւէ Համաձայնագիր Պէտք Է Պաշտպանէ ԼՂ Բնակիչներուն Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը. Պլինքըն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը տարածած է նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւնը, որով ան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: ԱՄՆ-ը նաեւ կը խրախուսէ Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի արագ վատթարացմամբ։ Մենք կը նշենք, որ մարդասիրական բեռները տեղակայուած են ինչպէս Լաչինի, այնպէս ալ Աղտամի երթուղիներու մօտակայքին, եւ մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ եւ միաժամանակ բանալու երկու միջանցքները, որպէսզի ապահովուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներուն խիստ անհրաժեշտ մարդասիրական բեռներու առաքումը։ Մենք նաեւ առաջնորդներուն կոչ կ՛ընենք զերծ մնալու որեւէ գործողութենէն, որ կը մեծցնէ լարուածութիւնը կամ կը շեղէ այդ նպատակէն: Վէճերու լուծման համար ուժի կիրառումը անընդունելի է։

Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին շրջանին լարուածութեան աճի լոյսին ներքոյ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ վճռականօրէն աջակցիլ չլուծուած հարցերը ուղիղ երկխօսութեան միջոցով լուծելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու նպատակով: Մենք կրկին կը յայտարարենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: Մենք նաեւ կը խրախուսենք Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը։

Միացեալ Նահանգները նաեւ կը հաստատէ, որ յառաջ երթալու միակ ճանապարհը խաղաղութիւնն է, երկխօսութիւնն ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment