Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւի Ցեղասպանական Մտադրութիւններուն Մասին Կասկած Չկայ. Լուիս Մորենօ Օքամփօն ԱՄՆ-ին Կոչ Կ’ընէ Կանխելու Նոր Ոճրագործութիւնը

Ալիեւի Ցեղասպանական Մտադրութիւններուն Մասին Կասկած Չկայ. Լուիս Մորենօ Օքամփօն ԱՄՆ-ին Կոչ Կ’ընէ Կանխելու Նոր Ոճրագործութիւնը

by MassisPost

Կասկած չկայ, որ Ալիեւը ցեղասպանական մտադրութիւններ ունի՝ Գոնկրէսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնաժողովի՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակման վերաբերեալ լսումներուն ժամանակ ըսած է Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն։

Ան ԱՄՆ-ին կոչ ըրած է դադրեցնելու Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղասպանութիւնը Արցախի հայ բնակչութեան դէմ՝ նշելով, որ որպէս Ցեղասպանութեան կանխարգիլման մասին ուխտին կողմ՝ ԱՄՆ պէտք է կանխէ եւ պատժէ զայն։

«Պէտք է կանխել այդ ցեղասպանութիւնը։ Դադրեցնել այն ցեղասպանութիւնը, որ արդէն տեղի կ’ունենայ եւ կանխել նորը», նշած է Օքամփօն:

«ԱՄՆ խորապէս ներգրաւուած է բանակցութիւններուն մէջ։ Բայց ցեղասպանութիւն իրականացնողի եւ զոհի միջեւ բանակցութիւններ չեն կրնար տեղի ունենալ։ Պարզապէս դադրեցուցէք ցեղասպանութիւնը եւ յետոյ քննարկեցէք բանակցութիւնները: Հնարաւոր չէ ներգրաւուիլ բանակցութիւններուն մէջ, երբ նախագահ Ալիեւը որպէս բանակցային գործիք կ’օգտագործէ ցեղասպանութիւնը», շեշտած է նախկին դատախազը:

«Եթէ գիտէք, որ նախագահ Ալիեւը կ’օգտագործէ ցեղասպանութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ կը փորձէ ժխտել զայն, ապա ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը ցեղասպանութեան ժխտման կրնայ մեղսակցութիւն համարուիլ», ըսուած է Լուիս Մորենօ Օքամփօն:

«ԱՄՆ նախագահը կամ պետական քարտուղարը կրնան պաշտօնապէս ըսել պարոն Ալիեւին՝ անվերապահօրէն վերացուցէք Լաչինի միջանցքին շրջափակումը, հակառակ պարագային ձեզ պատասխանատու կը համարենք ցեղասպանութեան համար։ Այդ շատ հետեւանքներ կը բերէ», շեշտած է Օքամփօն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment