Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Իրաւունք Ունին Նաեւ ՀՀ Քաղաքացիութիւն Չունեցող 14 Հազար 839 Անձ

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Իրաւունք Ունին Նաեւ ՀՀ Քաղաքացիութիւն Չունեցող 14 Հազար 839 Անձ

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ Երեւան համայնքի բնակչութեան արձանագրութեան մէջ հաշուառուած Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող 14 հազար 839 անձ, այդ շարքին՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան 10 հազար 308 քաղաքացի:

Այս մասին յայտնեց ՀՀ Ներքին Գործերու Նախարարութեան Գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան հանրային կապերու պատասխանատու Նելլի Դաւթեանը:

«2023 Սեպտեմբերի 17-ին տեղի ունենանալիք Երեւան քաղաքի աւագանու հերթական ընտրութիւններին, բացի ՀՀ քաղաքացիներից, մասնակցելու իրաւունք ունեն քուէարկութեան օրուայ դրութեամբ 18 տարին լրացած, Երեւան համայնքի բնակչութեան արձանագրութեան մէջ մինչեւ քուէարկութեան օրն առնուազն մէկ տարուայ հաշուառում ունեցող՝ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող անձինք: Այդ անձանց թիւը կազմում է 14 հազար 839, այդ թւում՝ 1639 կացութեան կարգավիճակ ունեցող օտարերկրացիներ, 628 փախստականներ, 109 քաղաքացիութիւն չունեցող անձինք: ՌԴ քաղաքացիների թիւը կազմում է 10 հազար 308», ըսաւ Դաւթեան:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ 2000-ականներու սկիզբէն ուժի մէջ մտած երկկողմ պայմանագրով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիի հաշուառումը հաւասարազօր է մշտական կացութեան կարգավիճակի:

«Այսինքն՝ տասնեակ տարիներ ՌԴ այն քաղաքացիները, որոնք հաշուառուել են, որ զուգահեռաբար կացութեան կարգավիճակ ձեռք բերելու կարիք չլինի, եւ օրինական հիմունքներով ՀՀ-ում երկարաժամկէտ բնակուելու հնարաւորութիւն ունենան, եւս արտացոլուած են այդ 10 հազար 308-ի մէջ», նշեց Դաւթեան:

Իսկ, թէ ռուս-ուքրանական ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Ռուսաստանէն դէպի Հայաստան աշխուժացած ներհոսքը որքանո՞վ արտացոլուած է, ան պատասխանեց, որ պատկերը հասկնալի է, եթէ հաշուի առնենք, որ 2021 թուականից սկիզբէն հաշուառուածներու թիւը 4277 է, իսկ մնացած շուրջ 6000-ը գոյացած է տասնեակ տարիներու ընթացքին վերոնշեալ կարգաւորումներու բերումով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment