Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Հաւատարմագրուած Ռազմական Կցորդներուն Ներկայացուած Է Վերջին Օրերուն Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Ստեղծուած Իրավիճակը

Հայաստանի Մէջ Հաւատարմագրուած Ռազմական Կցորդներուն Ներկայացուած Է Վերջին Օրերուն Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Սեպտեմբեր 6-ին, տեղի ունեցած է ճեպազրոյց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու եւ ներկայացուցիչներու հետ։

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը։

Ճեպազրոյցի ընթացքին ՊՆ Պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը ռազմական կցորդներուն ներկայացուցած է վերջին օրերու ընթացքին հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը, պատասխանած է հետաքրքրող հարցումներուն։

Նշուած է, որ ՀՀ զինուած ուժերը իրենց պարտականութիւններու ծիրին մէջ կը ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` իրավիճակի հետագայ սրացում թոյլ չտալու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment