Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Կրկնած Է Լաչինի Միջանցքը Անյապաղ Վերաբանալու Իր Կոչը

ԱՄՆ Կրկնած Է Լաչինի Միջանցքը Անյապաղ Վերաբանալու Իր Կոչը

by MassisPost

Ուաշինկթըն մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացմամբ եւ կը շարունակէ աշխատիլ կողմերուն հետ այն հարցին շուրջ, որ մարդասիրական օգնութիւնը հասնի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին։ Նման յայտարարութիւն ըրած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի առաջին տեղակալ Վետանփ Փաթելը։

«Սա այն հարցն է, որով մենք պիտի շարունակենք խորապէս ներգրաւուած մնալ… Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական պայմաններու վատթարացմամբ, որ պայմանաւորուած է սնունդի, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու շարունակական արգելափակմամբ։ ԱՄՆ-ն վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին շարունակաբար աշխատած է կողմերուն հետ, որպէսզի մարդասիրական օգնութիւնը հասնի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, եւ մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրային երթեւեկութեան, ինչպէս նաեւ ուղեւորափոխադրումներուն համար», ըսած է Փաթել ճեպազրոյցին ժամանակ։

Ատրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել Լաչինի միջանցքը, ինչի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ է։ Միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ զրկուած է սնունդի, դեղորայքի, վառելանիւթի, առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարումներէն։ Ատրպէյճանը արգելափակած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment