Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին Մէջ Տեղադրուած Է Բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանի Գողցուած Կիսանդրին

Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին Մէջ Տեղադրուած Է Բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանի Գողցուած Կիսանդրին

by MassisPost

ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան պատուէրով եւ ֆինանսական միջոցներով  պատրաստուած եւ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ տեղադրուած է բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանի կիսանդրին: Պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձան հանդիսացող կիսանդրին գողցուած էր:

Աշխատանքներու իրականացման համար սահմանուած կարգով յայտարարուած էր մրցոյթ. յաղթող քանդակագործը Սարգիս Պաղտասարեանի որդին է՝ քանդակագործ Աշոտ Պաղտասարեանը:

ՀՀ ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեանն ու նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը այցելած են Կոմիտասի անուան պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհած՝ Շուշանիկ Կուրղինեանի յուշարձանին:

Նախարարին խօսքով՝ երկար ճանապարհ անցնելէ յետո  վերջապէս հնարաւոր եղաւ  Շուշանիկ Կուրղինեանի արձանը վերադարձնել իր տեղը.

«2021 թուականին Կոմիտասի անուան զբօսայգու տարածքից գողացուել էր անուանի քանդակագործ, ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Սարգիս Պաղտասարեանի քանդակած Շուշանիկ Կուրղինեանի կիսանդրին: Նոր տեղադրուած կիսանդրու հեղինակ՝ քանդակագործ Աշոտ Պաղտասարեանի տեղեկացմամբ՝ այս քանդակը պատրաստուել է ոչ թէ լուսանկարների, այլ նախկին քանդակի հիման վրայ: Խորհրդանշական է, որ քանդակն իր տեղն է վերադարձւում ինչպիսին, որ ի սկզբանէ կար: Այսօր՝ Շուշանիկ Կուրղինեանի ծննդեանը օրը, վերադարձնում ենք կիսանդրին իր տեղը, իր միջավայր: Ընդհանուր առմամբ՝ փոքրաթիւ են այն վայրերը, որոնք նուիրուած են հանրութեան կեանքում մեծ վաստակ ունեցած եւ  հետք թողած կանանց: Նոր պատրաստուած այս կիսանդրին, տարածքի բարեկարգման որոշակի գործընթացները, յուսով եմ,  կը նպաստեն Շուշանիկ Կուրղինեանի կեանքի եւ գործունէութեան հանրային իրազեկմանը, մասնաւորապէս՝ երեխաների, դպրոցականների շրջանում», նշած է նախարարը եւ յոյս յայտնած, որ այս գործընթացը պիտի ըլլայ շարունակական եւ պիտի նպաստէ մեծ աւանդ ու ներդրում ունեցած կանանց նուիրուած գործերու ստեղծման՝ մայրաքաղաքին եւ մարզերուն մէջ:

Ժաննա Անդրէասեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Աշոտ Պաղտասարեանին՝ կիսանդրիի պատրաստման եւ անոր հետ կապուած բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու համար: Նախարարին նշմամբ՝ 2023 թուականին կը նշուի ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեանի ծննդեան 100-ամեակը, ինչի առնչութեամբ Սեպտեմբեր 5-ին Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջոցառում՝ նուիրուած անուանի արուեստագէտին:

Կիսանդրիի հեղինակ՝ քանդակագործ Աշոտ Պաղտասարեանը շնորհակալութիւն յայտնած է քանդակի ստեղծման գործին պետական հոգածութեան համար:

Յիշեցնենք, որ անուանի քանդակագործ, ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Սարգիս Պաղտասարեանը (1923-2001 թթ.) բազմաթիւ յայտնի քանդակներու հեղինակ է: Անոր կերտած յուշարձաններու շարքին կը պատկանին Յունան Աւետիսեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Յակոբ Պարոնեանի, «Մենք ենք մեր սարերը», «Ղարաբաղցիները», «Մեղեդի», «Յաւերժ բարեկամութիւն», Դաւիթ Բեկի, Լոռեցի Սաքոյի յուշարձանները:

Քանդակագործին ստեղծագործութիւններէն կը պահուին Ռուսիոյ Թրեթեաքովեան պատկերասրահին մէջ, Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի (Մոսկուա), Լիթուանիոյ, Տաճիկիստանի թանգարաններուն, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ:

Շուշանիկ Կուրղինեանը (Օգոստոս 1876, Ալեքսանդրապոլ – Նոյեմբեր 1927, Երեւան) ուսանած է ծննդավայրի Արղութեան օրիորդաց դպրոցը, ռուսական փրոկիմնազիայի մէջ։ 1893 թուականին մտած է Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը, քանի մը աղջիկներու հետ կազմած է առաջին հնչակ օրիորդաց խումբը։

Կուրղինեանը հասարակական աշխոյժ աշխատանք տարած է Կովկասի հայութեան շրջանակին մէջ. յայտնի եղած է անոր հիմնադրուած ակումբը Վլատիքավքազի մէջ։ Անոր անունով փողոց, դպրոց եւ գրադարան կայ Կիւմրիի մէջ։ Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքին մէջ Կուրղինեանի անունով փողոց եւ նրբանցք կայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment