Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Պաքուն Բողոքագիր Փոխանցած Է Ֆրանսայի Դեսպանին

Պաքուն Բողոքագիր Փոխանցած Է Ֆրանսայի Դեսպանին

by MassisPost

Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնը հրաւիրած են Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն։

Պաքուն «սադրանք» կ’որակէ առանց իր հետ համաձայնեցնելու Լեռնային Ղարաբաղ բեռներ ուղարկելու փորձը։ Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւնը կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի դեսպանին բողոքագիր փոխանցուած է։

«Ֆրանսան պէտք է դադրեցնէ միջազգային իրաւունքով պաշտպանուող Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած քայլերը, որոնք կը սպառնան կարգաւորման փխրուն գործընթացին», «APA» գործակալութեան փոխանցմամբ՝ ըսած են Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն։

Լեռնային Ղարաբաղին Ֆրանսայի ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը Երեւանէն հասաւ Հաքարիի կամուրջին մօտ, սակայն Պաքուն ֆրանսական բեռնատարներուն առջեւ ալ չբացաւ Լաչինի միջանցքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment