Home Uncategorized Պաքուն ՌԴ Խաղաղապահներուն Ներկայութեամբ Կը Շարունակէ ԼՂ Հայութիւնը Ցեղասպանութեան Ենթարկելու Քաղաքականութիւնը․ Փաշինեան

Պաքուն ՌԴ Խաղաղապահներուն Ներկայութեամբ Կը Շարունակէ ԼՂ Հայութիւնը Ցեղասպանութեան Ենթարկելու Քաղաքականութիւնը․ Փաշինեան

«Պաքուն բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը վիժեցնէ երկխօսութեան հնարաւորութիւնը»

by MassisPost

Կոռնիձորի մէջ՝ Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ սպասող մարդասիրական բեռներով արդէն 32 բեռնատարներուն հնարաւորութիւն չէ տրուած մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ, կառավարութեան նիստին ժամանակ յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանը ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբին ներկայութեամբ կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը սովահարութեան միջոցով ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութիւնը։

Պաքուի քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը ազատել հայերէն, ըսաւ Գործադիրի ղեկավարը։

«Ինչպէս նախկինում ասել եմ՝ Ատրպէյճանը ծրագրաւորում է մարդասիրական ճգնաժամի ամենասուր հատուածում, կամ գուցէ աւելի սուր հատուածում, միակողմանիօրէն բացել Լաչինի միջանցքը, այսինքն՝ Լեռնայից Ղարաբաղից թոյլատրել մարդկանց ելքը եւ թոյլ չտալ վերադարձը», ըսաւ Փաշինեան՝ յայտարարելով, որ ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման այս քաղաքականութիւնը տեղի կ’ունենայ 21-րդ դարուն՝ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ:

«Պաքուն բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը վիժեցնէ երկխօսութեան հնարաւորութիւնը»

Վարչապետը վերահաստատեց, որ ստեղծուած իրավիճակին ելքը կը տեսնէ միջազգային մեխանիզմի շրջանակներուն մէջ՝ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով։

Միջազգային մեխանիզմը կենսականօրէն անհրաժեշտ համարելով՝ վարչապետը նկատեց, որ հակառակ պարագային Պաքուն բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը վիժեցնէ երկխօսութեան հնարաւորութիւնը։

«Պէտք է անյոգնել յառաջ մղենք Լաչինի միջանցք եւ ԼՂ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու գաղափարը». ըստ Փաշինեանի՝ պէտք է շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամին վրայ միջազգային ուշադրութիւն կեդրոնացնելուն ուղղուած ջանքերը՝ առանցքին ունենալով ՄԱԿ-ի դատարանի Փետրուար 22-ի եւ Յուլիս 6-ի որոշումները՝ պարտադրելու Ատրպէյճանին ձեռնարկելու բոլոր միջոցները բանալու Լաչինի միջանցքը երկու ուղղութիւններով։

«Այս որոշման բացայայտ արհամարհումը Ատրպէյճանի կողմից այդ երկրի հայրենազրկման քաղաքականութեան բացայայտ դրսեւորում է», ըսաւ Փաշինեան՝ եզրափակելով․ «Մենք պէտք է անյոգնել յառաջ մղենք Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու գաղափարը, որովհետեւ յատկապէս հիմա դա բացարձակ անհրաժեշտութիւն է»։

Առաջնային խնդիրը, սակայն, ինչպէս վարչապետը ըսաւ, կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղ վայրկեան առաջ հրատապ մարդասիրական բեռներու հասցէագրումը եւ անոնց մուտքի հնարաւորութեան ապահովումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment