Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանը Կ’արձագանգԷ Մոսկուային – «Տարակուսանք եւ Հիասթափութիւն»

Երեւանը Կ’արձագանգԷ Մոսկուային – «Տարակուսանք եւ Հիասթափութիւն»

by MassisPost

Խաշտօնական Երեւանը Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութեան ներկայացուցիչին երէկուան մեկնաբանութիւնը, թէ Լաչինի միջանցքին ներկայիս իրավիճակը Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու հետեւանք է, նոյնաբովանդակ եւ հիասթափութիւն յառաջացնող կ’որակէ։ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը նախ յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը երբեւէ չէ եղած տարածքային վէճ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ. այն իր էութեամբ մշտապէս եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հիմնահարց:

«2022թ. Օգոստոսին հայկական կողմն իր հաւանութիւնն է տուել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման ռուսական նախագծին, համաձայն որի ԼՂ կարգավիճակի քննարկումը պէտք է յետաձգուէր անորոշ ժամանակով։ Ատրպէյճանն այդ նախագիծը մերժել է՝ զուգահեռաբար յայտարարելով (ինչպէս Օգոստոսի 31-ին Պրիւքսէլում), որ չի պատրաստւում Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած ոչինչ քննարկել Հայաստանի հետ, եւ օրեր անց՝ Սեպտեմբերի 13-ին, ռազմական յարձակման է դիմել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ», ըսած է Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան խօսնակը`յաւելելով, որ ռուսական կողմը ոչ միայն հետամուտ չէ եղած իր առաջարկին, այլեւ բացարձակ անտարբերութիւն դրսեւորած է, երբ անցեալ տարի Ատրպէյճանը յարձակած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ, նոյն պահուածքը դրսեւորած է Ռուսաստանի առաջնորդած ռազմական դաշինքը՝ ՀԱՊԿ-ը։

Ռուսական կողմը մշտապէս կը պնդէ, որ իրավիճակը փոխուած է, երբ Փրակի մէջ անցեալ Հոկտեմբերին Հայաստանը ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ի պատասխան պաշտօնական Երեւանը ընդգծած է, որ երբ անցեալ տարի Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Փրակի մէջ վերահաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը 91 թուականին ընդունուած Ալմա-աթայի հռչակագրին, անկէ ոչինչ փոխուած է Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան բնագրին մէջ։

«ՌԴ-ն բազմիցս, այդ թւում նաեւ 2020թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումից յետոյ Լեռնային Ղարաբաղը ճանաչել է Ատրպէյճանի մաս, իսկ ամենաթարմը եւ թերեւս ամենայատկանշականը՝ Ատրպէյճանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնների հաստատման փաստաթղթով նշել է, որ ճանաչում է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը», նշած է Բադալեան:

Մինչդեռ Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան ճիշդ նոյն պատճառաբանութիւնը, թէ Հայաստանը ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, մեղքը հայկական կողմին վրայ կը բարդէր։

Հայկական կողմէ Զախարովային խորհուրդ տուած են Լաչինի միջանցքի արգելափակումը չկանխել եւ բացման ուղղութեամբ ռուսական խաղաղապահներու գործողութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ զերծ մնալ իրավիճակը աւելի բարդացնելէ։

Ռուս խաղաղապահները կառավարութեան նիստին, ըստ էութեան, քննադատեց նաեւ վարչապետ Փաշինեանը, երբ կը յիշեցնէր, որ Կոռնիձորի մէջ՝ Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ սպասող մարդասիրական օգնութեամբ 32 բեռնատարներուն հնարաւորութիւն չէ տրուած մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ։

«Սա նշանակում է, որ Ատրպէյճանը Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի ներկայութեամբ շարունակում է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեանը սովահարութեան միջոցով ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութիւնը», շեշտեց Փաշինեան։

Արտաքին գերատեսչութիւնը, իր հերթին, թուարկած է պատերազմէն յետոյ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ միջադէպերը, որոնք չեն կանխուած, ու զանոնք ամենաթողութեան որակած է. «Նման ամենաթողութեան պայմաններում ՌԴ խաղաղապահների ներկայութեամբ ատրպէյճանական կողմը Լաչինի միջանցքում տեղադրուած ապօրինի անցակէտում դիմում է այնպիսի քայլերի, ինչպիսին են Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչների առեւանգումը՝ Յուլիսի 29-ին Վակիֆ Խաչատրեանի, իսկ Օգոստոսի 28-ին՝ երեք ուսանողների օրինակով»:

Քաղաքագէտ Արեգ Քոչինեանը կը կարծէ, թէ Մոսկուան փաստացի վերջնագրերով կը խօսէր, անոր խօսքով՝ պաշտօնական Մոսկուան նաեւ այլ ենթագիր էր դրել այդ յայտարարութեան մէջ. «Երբ որ Զախարովան ասում է, թէ վերլուծումը փոխում է բովանդակութիւնը, այն նման արտայայտութիւն է անում, ես դրանք ուղիղ կապում եմ այդ չակերտաւոր, այսպէս կոչուող, միջանցք հասկացութեանը Մեղրիով՝ Զանգեզուրով։ Եւ սա ինչ-որ չափով նաեւ նշանակում է, որ դուք այս ճգնաժամը ստացել էք՝ Լաչինը ստացել էք, եւ այդ ճգնաժամը կը շարունակուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ դուք չէք գնում զիջումների Մեղրիի հարցում»։

Մոսկուայէն հնչած այս յայտարարութիւնները, սեփական պատասխանատուութեան ի սպառ բացառումը, ըստ քաղաքագէտին, հերթական անգամ ի ցոյց կը դնեն՝ ինչ մեծ փակուղիի առջեւ կանգնած է այսօր Արցախը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment