Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ Շարք Մը Քրիստոնէական Համայնքներու Առաջնորդներ Նամակ Ուղարկած Են Պայտընին՝ Շրջափակման Առնչութեամբ

ԱՄՆ Շարք Մը Քրիստոնէական Համայնքներու Առաջնորդներ Նամակ Ուղարկած Են Պայտընին՝ Շրջափակման Առնչութեամբ

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարք մը քրիստոնէական համայնքներու առաջնորդներ Օգոստոս 29-ին նամակ ուղարկած են ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման առնչութեամբ։

Նամակին հեղինակները ԱՄՆ նախագահին կոչ կ’ընեն օգտագործելու իր ամբողջ ազդեցութիւնը՝ վերջ դնելու Արցախը արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ ճանապարհին՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման Ատրպէյճանի կողմէ, ինչպէս նաեւ ջանքեր գործադրելու՝ հասնելու հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման։

«Կը խնդրենք Ձեզմէ շտապ քայլեր ձեռնարկել՝ դադրեցնելու Արցախի շրջափակումը, տրամադրելու անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն եւ երաշխաւորելու, որ այդ կենսական նշանակութեան բեռը տեղ հասնի, վերջ դնելու Արցախի ժողովուրդի տառապանքներուն եւ կանխելու սողացող ցեղասպանութիւնը, որուն ականատեսն ենք մենք։ Կը յորդորենք ընել հնարաւորը՝ միջազգային գործընկերներու եւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ կառավարութիւններուն հետ համագործակցութեամբ այս շարունակուող քաղաքական ճգնաժամին եւ մարդասիրական աղէտին անյապաղ դիւանագիտական լուծում գտնելու համար», րուած է նամակին մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ յղում կը կատարուի նաեւ Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամթոյի կողմէ վերջերս հրապարակուած զեկոյցին, որուն մէջ կը ներկայացուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ կ’արձանագրուի, որ «հիմք կայ ենթադրելու, որ ցեղասպանութիւն կ’իրագործուի»։ Կը նշուի նաեւ, որ Արցախի շրջափակումը դատապարտած են ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողները, «Human Rights Watch», «Amnesty International», «Freedom House» եւ «Lemkin Institute for Genocide» հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւնները, ԱՄՆ Քրիստոնէական Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment