Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Սադրանքի Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի 3 Զոհ, 2 Վիրաւոր

Ատրպէյճանական Սադրանքի Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի 3 Զոհ, 2 Վիրաւոր

by MassisPost

Ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով հայկական կողմը ունի 3 զոհ, 1 վիրաւոր։ Այդ մասին յայտնած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը։ Աւելի վաղ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Սեպտեմբեր 1-ին՝ ժամը 07:50-էն սկսեալ, հակառակորդը բուռն կրակ բացած էր Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէն զատ, կիրառած էր նաեւ ականանետ։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է 3 ատրպէյճանցի զինուոր վիրաւորուելու մասին։ Ըստ հակառակորդին՝ հայկական կողմը կիրառած է հարուածային անօդաչու թռչող սարք։

Ժամը 14:15-էն սկսեալ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերուն կրակը Սոթքի եւ Նորաբակի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ նուազած է: Ժամը 15:15-ի դրութեամբ իրադրութիւնը անփոփոխ էր. կրակի նուազումը պահպանուած է:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով զոհուած զինուորներն են՝ Անդրանիկ Արշակի Անտոնեանը, Արսէն Ալեքսանդրի Մկրտիչեանը, Վաչագան Սարոյի Վարդանեանը, իսկ Նարեկ Կարէնի Պողոսեանի սրտին զարկը աւելի ուշ վերականգնուած է վերակենդանացման խիստ միջոցառումներու շնորհիւ, բայց կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:

Միւս վիրաւոր զինուորին վիճակը, ըստ Պաշտպանութեան Նախարարութեան, կը գնահատուի միջին ծանրութեան, կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment