Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Փարիզի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւնները Կը Շարունակուին Սրիլ

Փարիզի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւնները Կը Շարունակուին Սրիլ

by MassisPost

Ատրպէյճանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները կը շարունակուին սրիլ։ Այս անգամ Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ ծագած դիւանագիտական լարուածութեան պատճառը Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ մեկնարկած դեսպաններու հաւաքն էր, աւելի ճիշդ` անոր ընթացքին հնչած յայտարարութիւններէն քանի մը հատը։

Երկուշաբթի օրը աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտներու առջեւ ելոյթ ունեցաւ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` իր երկու ժամնոց ելոյթի առաջին հատուածին յիշատակելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութիւնը։

«Մենք պիտի պահանջենք լիարժէքօրէն կատարել Լաչինի մարդասիրական միջանցքին շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ հանդէս պիտի գանք դիւանագիտական նոր նախաձեռնութեամբ՝ ճնշումը ուժեղացնելու նպատակով», դիմելով ֆրանսացի դեսպաններուն յայտարարած էր Մաքրոնը։

Անոր այս յայտարարութենէն քանի մը ժամ անց պաշտօնական Պաքուն հանդէս եկաւ կոշտ հակադարձմամբ։

«Ֆրանսայի նախագահին կողմէ «Լաչինի մարդասիրական միջանցք» եզրոյթի օգտագործումը անթոյլատրելի է եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան գաղափարի ոտնահարում կը հանդիսանայ։ Բացի անկէ, անհասկնալի է, թէ ինչու ֆրանսական կողմը, որ 30 տարի շարունակ չէր դատապարտեր Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ իրականացուած յարձակումը եւ ատրպէյճանական հողերու բռնագրաւումը, չէր մեկնաբաներ մէկ միլիոն փախստականներու շուրջ ստեղծուած մարդասիրական կացութիւնը, այժմ հիմնական շեշտադրումները կը դնէ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական կացութեան վրայ»,  յայտնած էր Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment