Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախցիները Փակ Կը Պահեն Ակնա-Ստեփանակերտ Ճանապարհը

Արցախցիները Փակ Կը Պահեն Ակնա-Ստեփանակերտ Ճանապարհը

by MassisPost

Պաքուի բեռնատարներուն մուտքը Արցախի տարածք թոյլ չտալու շարժումը շարունակուած է ամբողջ գիշեր եւ պիտի շարունակուի։ Առաւօտէն վրան տեղադրուած է, աքթիւիսթերը կը շարունակեն փակ պահել Ակնա-Ասկերան-Ստեփանակերտ ճանապարհը։

Step1.am-ին ասկերանցի Ա. Արզումանեանը ըսաւ, որ հազարէն աւելի արցախցիներ փակած են Ակնա-Ասկերան ճանապարհը. «Մենք դէմ ենք այս ալիւրի ներկրմանը Արցախ։ Բոլորը հասկանում են, որ սա ոչ թէ մարդասիրական բեռ է, այլ՝ սադրանք։ Եթէ ​​մենք համաձայնուենք ընդունել այս բեռը, մենք խաչ կը քաշենք մեր ապագայի վրայ»։

Շարժումի մասնակից Ա. Գրիգորեանը նշեց, որ պիտի պարզուի երկու հարց՝ պատրա՞ստ են ռուս խաղաղապահները կատարելբւ իրենց պարտականութիւնները Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ փաստաթուղթին համաձայն, եւ Արցախի իշխանութիւնները պատրա՞ստ են պայքարելու յանուն հանրապետութեան եւ ժողովուրդին։

Արցախի իշխանութիւնները դեռ պաշտօնապէս չեն արձագանգած սադրանքին։ Նախագահին մամուլի քարտուղարը երէկ միայն յայտարարեց, որ շարժումը համաձայնեցուած չէ Արցախի ղեկավարութեան հետ, եւ կը քննարկուի միայն Լաչինի միջանցքի բացման հարցը։ Սակայն յայտարարութիւններ չեն եղած, որ պետական ​​անվտանգութեան մարմինները թոյլ չեն տար Պաքուի շարասիւնին անցումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment