Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսացի Ծերակուտականը Ատրպէյճանը Մեղադրեց ԼՂ-ի Մէջ Ցեղասպանութիւն Եւ Ցեղային Զտում Իրականացնելու Մէջ

Ֆրանսացի Ծերակուտականը Ատրպէյճանը Մեղադրեց ԼՂ-ի Մէջ Ցեղասպանութիւն Եւ Ցեղային Զտում Իրականացնելու Մէջ

by MassisPost

Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն կազմող «Հանրապետական» խմբակցութեան նախագահ, ԼՂ հարցով ուսումնասիրութեան խումբի ղեկավար Պրունօ Ռըթայօն յայտնած է, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ կ’իրականացնէ ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւն։

Ռըթայօն, որ Հայաստան ժամանած է Փարիզի քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին հետ, այս մասին ըսած է Գորիսի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին։

«Այն, ինչ այսօր տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ, կը յանգեցնէ ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան։ Այստեղ ըլլալու մեր առաջին պատճառը այն է, որ ողբերգութիւն տեղի կ’ունենայ։ Այսօր տեղի ունեցողը Արցախը կը վերածէ համակեդրոնացման ճամբարի՝ բաց ի տակ։ Ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան այդ փորձը ուղղուած է 120 հազար մարդու դէմ, որմէ 30 հազարը երեխաներ են։ Մենք կը պահանջենք Ֆրանսայի նախագահէն, օգտուելով Ֆրանսայի դիրքէն, այսինքն՝ այն էն որ Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամ է, ընդունիլ տալ բանաձեւ մը, որ վերջապէս թոյլ պիտի տայ բանալ Լաչինի միջանցքը եւ դնել զայն միջազգային պաշտպանութեան տակ, որպէսզի բացուի նաեւ երթեւեկութիւնը մարդասիրական ճանապարհով», ըսաւ ֆրանսացի ծերակուտականը։

Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած պատուիրակութիւնը, որ կը գլխաւորէ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն, Օգոստոս 30-ին ուղեկցած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքի եւ երկրի շարք մը շրջաններու կողմէ Արցախի համար ուղարկուած մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած բեռնատարներու շարասիւնին դէպի Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment