Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուի Դատախազութենէն Կը Յայտնեն, Որ Բերձորի Միջանցքին Վրայ Առեւանգուած Հայերը Պէտք Է Արտաքսուին Հայաստան

Պաքուի Դատախազութենէն Կը Յայտնեն, Որ Բերձորի Միջանցքին Վրայ Առեւանգուած Հայերը Պէտք Է Արտաքսուին Հայաստան

by MassisPost

Պաքուի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարած է Լաչինի միջանցքի անցակէտէն երեք հայ ֆութպոլիստներու ձերբակալութեան մասին, որոնք կը մեղադրուին «Ատրպէյճանի դրօշը պղծելու» մէջ։

Կը նշուի, որ 2021 թուականին որոշ լրատուամիջոցներու մէջ տեսանիւթեր տարածուած են, ուր հայ ֆութպոլիստները վիրաւորական գործողութիւններ կը կատարեն Պաքուի դրօշին նկատմամբ, ինչին առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսած է Քրէական օրէնսգիրքի երկու յօդուածներով։

«Կ’ենթադրուի, որ Ատրպէյճանը մարդասիրական մօտեցում ցուցաբերէ,  եւ հաշուի առնելով, որ ձերբակալուածները երիտասարդ են եւ մարզիկներ, անոնք կրնան ենթարկուիլ վարչական պատասխանատուութեան։ Յամենայն դէպս, Ատրպէյճանի տարածքին չեն կրնար ապրիլ այն մարդիկ, որոնք կը վիրաւորեն Ատրպէյճանի դրօշը։ Անոնք պէտք է արտաքսուին Հայաստան», յայտնած են Պաքուի գլխաւոր դատախազութենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment