Արցախի Ներքին Գործերու Նախարարութեան ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ նախորդ գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի նստավայրին ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներուն մասին, երկու անձ բերման ենթարկուած է, յարուցուած է քրէական գործ:
«Օգոստոսի 28-ին ժամը 03:05-ին ոստիկանութեան ՊՊԾ գումարտակի ոստիկանը հերթապահ մասում հաղորդել է, որ Ստեփանակերտ քաղաքի Փետրուարի 20 փողոցում՝ Արցախի հանրապետութեան նախագահի նստավայրի ուղղութեամբ զինուած յարձակում է տեղի ունեցել: Դէպքի վայր մեկնած ոստիկանութեան Ստեփանակերտ քաղաքի վարչութեան գործնական խումբը, տաք հետքերով ձեռնարկած միջոցառումների արդիւնքում, Մարտունի փողոցից նշուած յանցագործութիւնը կատարելու կասկածանքով բերման է ենթարկել անսթափ վիճակում գտնուող երկու քաղաքացու՝ Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչներ Տ.Հ.-ին (ծնուած 1983թ.) եւ Ա. Ա.-ին (ծնուած 1981թ.)», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ոստիկանութեան ծառայողները պարզած են, որ գիշերը ժամը 3-ի սահմաններուն, «նախնական համաձայնութեամբ եւ ոգելից խմիչքներու ազդեցութեամբ՝ վերջիններս ներկայացած են նախագահի նստավայր եւ կրակոցներ արձակած շէնքին եւ տարածքին մէջ ծառայութիւն իրականացնող անվտանգութեան աշխատակիցներուն ուղղութեամբ:
Նախապատրաստուած նիւթերը ուղարկուած են Քննչական կոմիտէ, որտեղ յարուցուած է քրէական գործ։