Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Կը Խոչընդոտէ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Հայաստանի Եւ Միջազգային Հանրութեան Ջանքերը․ Միրզոյեան

Պաքուն Կը Խոչընդոտէ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Հայաստանի Եւ Միջազգային Հանրութեան Ջանքերը․ Միրզոյեան

by MassisPost

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Սլովենիոյ մէջ հանդիպած է Քորէայի արտաքին գործերու նախարար Փաք Չինի հետ, քննարկած է երկկողմ օրակարգը ընդլայնելու, համագործակցութիւնը խորացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն:

Ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան՝ Միրզոյեանը Չինին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի՝ արդէն 8 ամիսէ աւելի շարունակուող ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամի մանրամասնութիւնները՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով սնունդի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր պակասի պայմաններուն մէջ յատկապէս խոցելի խումբերու՝ երեխաներու, կիներու, տարեցներու եւ քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող անձերու համար ստեղծուած ծանրագոյն մարտահրաւէրներուն:

Արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը իր գործողութիւններով ոչ միայն կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու հիմնարար դրոյթները, այլեւ Լաչինի միջանցքը փակ պահելով՝ բացայայտ անարգանք կը դրսեւորէ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Փետրուար 22-ի եւ Յուլիս 6-ի որոշումներուն նկատմամբ:

Վերահաստատելով Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հարցով հայկական կողմին յանձնառութիւնը՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ պաշտօնական Պաքուն իր գործելաոճով կը խոչընդոտէ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment