Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԽ Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարը Լեռնային Ղարաբաղ Մեկնելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ

ԵԽ Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարը Լեռնային Ղարաբաղ Մեկնելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ

by MassisPost

Եւրոխորհրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչ կը շարունակէ լրջօրէն մտահոգուած մնալ «2022 թուականի Դեկտեմբերէն Լաչինի միջանցքով անցնող ճանապարհի փակումէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հումանիտար իրավիճակի եւ անոր բնակչութեան մարդու իրաւունքներուն հետ կապուած»:

«Կը կրկնեմ այդ ժամանակ իմ ըրած կոչը՝ վերականգնել ազատ տեղաշարժը այդ ճանապարհով», կը յայտարարէ Միյաթովիչ իր պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Չնայած իմ եւ բազմաթիւ այլ միջազգային շահագրգիռ կողմերու կոչերուն, կը հաղորդուի, որ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ աւելի վատթարացել՝ ազդելով յատկապէս աւելի խոցելի խաւերուն վրայ՝ մարդոց տեղաշարժի եւ սնունդի մատակարարումներու եւ շտապ բժշկական օգնութեան հասանելիութեան երկարատեւ խափանումներու պատճառով», կ՛ընդգծէ յանձնակատարը՝ վկայակոչելով Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին հաղորդումները:

«Համապատասխան շահագրգիռ կողմերը պէտք է անյապաղ լուծում գտնեն՝ խուսափելու համար տեղի բնակչութեան դիմագրաւած շատ վտանգաւոր իրավիճակի հետագայ վատթարացումէն եւ երաշխաւորելու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրողներուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովողներու անվտանգ եւ ազատ անցումը։ Ինչպէս նշուած է իմ 2021 թուականի յուշագրին մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ պէտք է ջանքեր գործադրուին հաշտեցման ճանապարհով յառաջ շարժելու եւ բոլոր մարդոց համար կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար», կը յայտարարէ Տունիա Միյաթովիչը եւ կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ «ներգրաւուելու բոլոր համապատասխան զրուցակիցներուն հետ եւ մեկնելու Լեռնային Ղարաբաղ՝ օգնելու յաղթահարել մարդու իրաւունքներու առկայ մարտահրաւէրները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment