Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քասփշիքը Հայաստան Կը Գտնուի, Պիտի Այցելէ Նաեւ Լաչինի Միջանցք

Քասփշիքը Հայաստան Կը Գտնուի, Պիտի Այցելէ Նաեւ Լաչինի Միջանցք

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիքը, քննարկած են տարածաշրջանի անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Քասփշիքը Հայաստան ժամանած է ԵԱՀԿ գործող նախագահին՝ Լաչինի միջանցք այցելելու եւ առկայ իրավիճակին մասին զեկուցելու յանձնարարականի ծիրին մէջ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամին՝ Արարատ Միրզոյեան շեշտած է միջազգային հանրութեան, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ-ի կողմէ հրատապ եւ գործուն քայլերու հրամայականը՝ վերահաս մարդասիրական աղէտը եւ անոր անդառնալի հետեւանքները կանխելու նպատակով:

Միրզոյեան վերահաստատած է նաեւ ԼՂ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման կարեւորութիւնը միջազգային գործուն մեխանիզմներու ներքոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment