Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նոր Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է Միհրան Պօղոսեանի Նկատմամբ

Նոր Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է Միհրան Պօղոսեանի Նկատմամբ

by MassisPost

Նոր հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է Դատական ակտերու հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութեան նախկին ղեկավար Միհրան Պօղոսեանի նկատմամբ։

Ըստ դատախազութեան՝ Պօղոսեանը կը մեղադրուի յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքը օրինականացնելու (փողերու լուացում), առանձնապէս խոշոր չափերով վստահուած գոյքը յափշտակելու (հինգ դրուագ), պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով՝ խոշոր չափերով վատնում կատարելու, պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու (երկու դրուագ) եւ պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու համար:

Դատախազութիւնը որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է, մասնաւորապէս, նաեւ նշելով, որ Պօղոսեանը գլխաւոր հարկադիր կատարողի պաշտօնը զբաղեցնելու ընթացքին վստահուած անձերու միջոցով մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող «Քեթրին Կրուփ», «Պեսթ Ռէալթի», «Կեչառիս Հոթել» եւ «Ֆրութիմեքս» ընկերութիւններու կառավարման՝ ինչ որ կապուած եղած է այդ կազմակերպութիւններուն ի պաշտօնէ արտօնութիւններ եւ առաւելութիւններ տրամադրելու եղանակով հովանաւորելու հետ:

2023-ի Մայիս 17-ին Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը յայտարարեց մէկ թոն քոքայինի ներմուծումը բացայայտելու մասին։ Այդ յայտարարութենէն երկու շաբաթ անց ԱԱԾ-ն հետախուզում յայտարարեց Միհրան Պօղոսեանի նկատմամբ։ Տարիներ առաջ օֆշորային գայթակղութեան կեդրոնին յայտնուած Միհրան Պօղոսեանը կը հետախուզուի դեռ 2019-էն՝ փտածութեան յանցագործութիւններու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment