Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Հանդիպած Է Գագիկ Ծառուկեանին

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Հանդիպած Է Գագիկ Ծառուկեանին

by MassisPost

Գագիկ Ծառուկեան հանդիպած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին: Այս մասին յայտնած է ՀՀ առաջին նախագահի մամուլի խօսնակ Արման Մուսինեանը։

Գագիկ Ծառուկեանը Լեւոն Տէր Պետրոսեանը շնորհաւորած է Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 33-ամեակին առթիւ, կարեւորելով անոր դերակատարումը 3-րդ հանրապետութեան կայացման գործին մէջ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած ջերմ առանձնազրոյցի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, Հայաստանի ներկայիս խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն: Կողմերը երկուստեք կարեւորած են երկրին մէջ առկայ խնդիրներու կարգաւորման համար անհրաժեշտ համազգային համերաշխութեան ու միասնականութեան գործօնը:

Հանդիպումը տեղի ունեցած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment