Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի Մահուան 4-րդ Տարելիցին Նուիրուած Յուշ Երեկոյ

Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի Մահուան 4-րդ Տարելիցին Նուիրուած Յուշ Երեկոյ

by MassisPost

Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութեան Վարչութիւնը, անցեալ Կիրակի, Օգոստոս 13, 2023, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ընտրանի հասարակութեան մը ներկայութեան, Միութեան կեդրոնի «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, պատշաճօրէն նշեց ծանօթ գիտնական եւ ցեղասպանագէտ` փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան 4-րդ տարելիցը: Արդարեւ, սոյն միջոցառումը թէեւ յուշ երեկոյ էր, սակայն իր բովանդակութեամբ կարծէք տօնակատարութիւն մը ըլլար, յարգանքի տուրք մատուցանելու անուանի իրաւագէտ, պատմաբան եւ ընկերաբանութեան դոկտոր-փրոֆեսոր Վահագն Տատրեանի: 93 տարեկանին կեանքէն հեռացած Վահագն Տատրեան Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր էր, որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան արտասահմանեան անդամ:

Օրուան հանդիսավարուհի Տիկին Ռոզալին Մատոյեան, իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, որոնք եկած էին ոգեկոչելու անուանի ցեղասպանագէտի յիշատակը:

Ներկայ հոգեւոր հայրերու կողմէ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարճ արարողութիւ ն մը Վ. Տատրեանի հոգւոյն համար: Նաեւ կատարուեցաւ խաղողի աւանդական օրհնութիւնը, քանի որ օրը` կը զուգադիպէր Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւար տօնին:

Միջոցառման առաջին խօսք առնողն էր «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանի վաստակաշատ տնօրէնուհի` Մէկի Մանկասարեան Կօշին: Ան հանգամանօրէն խօսեցաւ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, պատմա-բանասիրական աշխատանքներուն մասին: Առաւելաբար ծանրացաւ 2019 թուականին հանգուցեալ փրոֆ. Տատրեանի ժառանգութենէն իր թանգարանին փոխանցուած 22 ընտրանի գեղանկարներուն: Յատկապէս` Անտրէ Սաւրուկեանի (Տարվիզ) ընտրեալ կտորները, նուիրուած Սայաթ Նովայի եւ Հայոց Պատմութեան տարբեր դրուագներուն:

Յուշ երեկոյի երկրորդ բանախօսն էր թուրք պատմաբան, Մէսէչուսեցի «Քլարք» համալսարանի պատմութեան յայտնի դասախօս, ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան կեդրոնի ուսումնասիրող եւ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն ու թրքերէն լեզուներով հրատարակած բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ` փրոֆ. Թանէր Աքչամ: Իր բոլոր գիրքերը արգասիքն են մասնագիտական մանրակրկիտ խոր պրպտումներու, որոնք ծնունդ տուին ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուշագրաւ նոր յայտնաբերումներու եւ մանրամասնութիւններու: Փրոֆ. Թանէր Աքչամ խոր գնահատանքով   անդրադարձաւ հանգուցեալ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի մասին, որուն հետ ունեցած է սերտ գործակցութիւն, ցեղասպանութեան եւ հրեաներու ողջակիզման («հոլոքոսթ») հարցերուն շուրջ: Իսկ ցեղասպանութիւնը դատապարտող միջազգային մակարդակի վրայ եղած յայտարարութիւններուն` զանոնք նկատեց ոչ բաւարար ու գործնական: Այս կապակցութեամբ` ապագայ ձեռքբերումները կը մնան հարցականի տակ…:

Գալիֆորնիոյ հանգստեան կոչուած դատաւորներէն` Զաւէն Վ. Սինանեան, ելոյթ ունենալով դրուատեց օրուան մեծարեալ` փրոֆ. Մայքըլ Պազիլէրի վաստակն ու ներդրումները ողջակիզութեան, ցեղասպանութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հարվըրտ համալսարանի իրաւգիտական, Ուշաինկթընի ԱՄՆ-ի Ողջակիզման թանգարանի մէջ: Իրաւագիտական հարցերու շուրջ իր ուսումնասիրութիւնները հրատարակուած են, Փէնսիլվանիոյ, Գանսասի, Արիզոնայի, Պըրքլիի, Գոլիմպիոյ, Ֆորտհըմի եւ այլ համալսարաններու իրաւաբանական թերթերուն մէջ:

Երեկոյթի աւարտին` բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան մեծարեալ փրոֆ. Մայքըլ Պիզոլըր եւ իրեն շնորհուեցաւ «2023 Ականաւոր Ցեղասպանագէտի Ուսումնականութեան» անուան մետալը, ձեռամբ Պոլսհայ Միութեան ատենապետ` Տոքթ. Մարք-Մուրատ Քէշկերի: Այս առթիւ մեծարեալը` բացառիկ յարգանքով եւ երախտագիտական զգացումներով արտայայտուեցաւ վերջերս մահացած փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի մասին, որուն պատճառով մօտէն իրազեկ դարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Մեր արդար դատի յաղթանակին համար` ան խիստ կենսական համարեց հետեւողական ճիգերու լայնատարած համաշխարհային մակարդակով կատարուելիք  աշախատանքները:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ շնորհալի տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները առիթն ունեցան մօտէն ծանօթանալու եւ զրուցելու յայտագրի մասնակիցներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment