Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Նշուեցաւ ՀՄՄ-ի 100-Ամեակը

Երեւանի Մէջ Նշուեցաւ ՀՄՄ-ի 100-Ամեակը

by MassisPost

Հայ Մարմնամարզական Միութեան` ՀՄՄ-ի 100-ամեակը նշուեցաւ Երեւանի մէջ, անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած շարք մը միջոցառումներով:

Ուրբաթ, Օգոստոս 11-ի առաւօտեան Հայաստանի, Լիբանանի, Հալէպի եւ Դամասկոսի միացեալ փողերախումբի անդամները տողանցեց մայրաքաղաքի գլխաւոր հրապարակներով` հասնելու համար «Կինօ Մոսկուա» թատրոն,  ուր տեղի ունեցաւ 100-ամեակի նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւն:

Օրուայ հանդիսավարներ` Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան եւ Ժան Մելիքսէթեան կատարեցին միջոցառման հանդիսավարութիւնը, որուն սկզբնաւորութեան  ընթերցուեցաւ ՍԴՀԿ կեդրոնական Վարչութեան գնահատանքի խօսքը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս  Գարեգին Բ-ի խօսքը փոխանցեց Մայր Աթոռի լուսարարապետ` Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ Եպիսկոպոս Բաքաեան: Ապա, Նորա Փիլիպոսեան ընթերցեց Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Արամ Ա.-ի պատգամը:

Ելոյթ ունեցաւ ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորթի փոխ-նախարար Կարէն Գիլոյեան:

Ցուցադրուեցաւ յատուկ ժապաւէն` Միութեան տարիներու վրայ երկարող գործունէութեան մասին:

Ելոյթ ունեցաւ ՀՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Միսակ Նաճարեան: Ան իր խօսքի աւարտին յատուկ գնահատականներ յանձնեց ՀՄՄ-ի երկարամեայ նուիրեալ անդամներ` Մանօ Շխրտմեանին եւ Գալուստ Տէրտէրեանին:

Կատարուեցաւ  գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ մանկական «Պրինա» երգչախումբին:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Ուխտի Հրաւէր» երգով:

Յաջորդ օրը` Շաբաթ, 12-ին կայացաւ ՀՄՄ-ի 10-րդ համագումարը, որու աւարտին ընտրուեցաւ նոր կեդրոնական վարչութիւն` Միսակ Նաճարեան գլխաւորութեամբ:

Կիրակի առաւօտեան ՀՄՄ-ականները այցելեցին «Եռաբլուր»` ուր ծաղկէպսակ զտեղեցին նահտակ զինուորներու յուշարձանին առջեւ:

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ճամկերոյթ-խրախճանգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment