Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Կը Պնդէ՝ «Հայաստանը Չէ Դադրեցուցած Իր Տարածքային Պահանջները Ատրպէյճանի Նկատմամբ»

Պաքուն Կը Պնդէ՝ «Հայաստանը Չէ Դադրեցուցած Իր Տարածքային Պահանջները Ատրպէյճանի Նկատմամբ»

by MassisPost

«Ատրպէյճանը իրեն իրաւունք կը վերապահէ պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

«Հայաստանը չէ դադրեցուցած իր տարածքային պահանջները Ատրպէյճանի նկատմամբ, եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան բանաւոր ճանաչումը կը տարբերի անոր գործողութիւններէն», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

«2020 թուականին տեղի ունեցած պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է խաղաղութիւն՝ հիմնուած երկու երկիրներու կողմէ միմեանց ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը փոխադարձ ճանչնալու եւ յարգելու վրայ՝ օրինական շահերու հաւասար եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։ Միւս կողմէ, Ատրպէյճանը կը վարէ հայկական ծագումով Ղարաբաղի բնակիչներու վերահամարկման քաղաքականութիւն՝ որպէս իրաւահաւասար քաղաքացիներ՝ ապահովելով Ատրպէյճանի Սահմանադրութեամբ եւ մարդու իրաւունքներու բոլոր համապատասխան միջազգային մեխանիզմներով նախատեսուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները, որոնց Ատրպէյճանը կը մասնակցի։ Միեւնոյն ժամանակ, դրսեւորելով հաւատարմութիւն այս բոլոր ոլորտներուն, Ատրպէյճանը իրեն իրաւունք կը վերապահէ պաշտպանել իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի այլ համընդհանուր փաստաթուղթերով նախատեսուած բոլոր օրինական միջոցներով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաքուն յայտարարած է, թէ «Ատրպէյճանի տարածքին ապօրինաբար տեղակայուած Հայաստանի զինուած ուժերը» վերջին շաբաթներուն ուժեղացուցած են ռազմաճարտարապետական աշխատանքները եւ այլ ռազմական գործունէութիւնը, ինչ որ «միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտում է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պարտաւորութիւններու»:

Անոր հետ մէկտեղ, կը շարունակէ նախարարութիւնը, «վերջին օրերուն Ատրպէյճանի հետ չսահմանազատուած սահմանի երկայնքով մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն, զրահամեքենայ եւ Հայաստանի զինուած ուժերու անձնակազմի կուտակում կը նկատուի»։

Պաշտօնական Երեւանը քանիցս շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանը զօրքեր չունի:

Աղբիւր՝ azatutyun.am

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment