Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միջազգային Հանրութիւնը Չի Կրնար Շարունակել Հայեացքը Թեքել, Երբ ԼՂ-ի Մէջ Մարդիկ Սովամահ Կ’ըլլան․ Իրաւապաշտպան Էվելինա Օչապի Յօդուածը՝ «Forbes»-ի Մէջ

Միջազգային Հանրութիւնը Չի Կրնար Շարունակել Հայեացքը Թեքել, Երբ ԼՂ-ի Մէջ Մարդիկ Սովամահ Կ’ըլլան․ Իրաւապաշտպան Էվելինա Օչապի Յօդուածը՝ «Forbes»-ի Մէջ

by MassisPost

Իրաւապաշտպան Էվելինա Օչապը, որուն գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ հետապնդումները, «Forbes»-ի մէջ յօդուած հրապարակած է՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին։

Իր յօդուածին մէջ, իրաւապաշտպանը մէջբերած է ՄԱԿ-ի փորձագէտներու՝ Օգոստոս 7-ի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման հետեւանքով վերջին եօթը ամիսներու ընթացքին արգելափակուած կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը, ինչի հետեւանքով բնակչութիւնը բախած է սննդամթերքի, պարէնի, բժշկական եւ առողջապահական մաքրութեան պարագաներու կտրուկ պակասի հետ:

Օչապ իր յօդուածին մէջ յիշեցուցած է Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ փոխադրամիջոցներու տեղաշարժը ապահովելու վերաբերեալ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին որոշումները՝ արձանագրելով, որ Ատրպէյճանը չէ կատարած որոշումները, քանի որ Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ արգելափակուած մնալ։

Իրաւապաշտպանը նաեւ անդրադարձած է Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Օքամպոյի զեկոյցին, որուն մէջ վերջինս արձանագրած է, որ Ատրպէյճանը ցեղասպանութիւն կ’իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծանր վիճակի մասին հաղորդագրութիւնները վերջապէս պէտք է լուրջ ընդունուին եւ գործողութիւններ ձեռնարկուեն։ Քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդիկ սովամահ կ’ըլլան, միջազգային հանրութիւնը չի կրնար շարունակել հայեացքը թեքել, ինչպէս եղած է վերջին 8 ամիսներու ընթացքին։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը հրատապ օգնութեան կարիք ունի՝ առանց յաւելեալ արդարացումներու», գրած է Էվելինա Օչապը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment