Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շրջափակման Առարկայական Լուսաբանումը Կարեւոր Է Ատրպէյճանի Շարունակական Քարոզչութեան Դէմ․ ՀՀ ԱԳՆ

Շրջափակման Առարկայական Լուսաբանումը Կարեւոր Է Ատրպէյճանի Շարունակական Քարոզչութեան Դէմ․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Լաչինի միջանցքի անմարդկային շրջափակման եւ Ատրպէյճանի իրական նպատակին ազատ ու առարկայական լուսաբանումը կարեւոր դեր կը խաղայ Ատրպէյճանի շարունակական քարոզչութեան դէմ, Թուիթըրի մէջ գրած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը։

Ան ընդգծած է, որ միջազգային լրատուամիջոցները կը գրեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի վատթարացման մասին՝ նաեւ յղում կատարելով Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամպոյի եզրակացութիւններուն։

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Յուլիս 29-ին նամակ յղած է Օքամպոյին՝ փորձագիտական կարծիք խնդրելով, թէ արդեօք Արցախի խորացող շրջափակումը կը համապատասխանէ ցեղասպանութեան յանցագործութեանը: Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազն ալ խոստացած էր վերլուծել ու եզրակացութիւն ներկայացնել։ Օրեր անց Օքամպօն յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որ յայտնի է նաեւ որպէս Արցախ, կը շարունակուի 120 հազար հայերու ցեղասպանութիւնը:

Շուրջ 8 ամիսէ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ ճգնաժամը ժամ առ ժամ կը խորանայ։ Հաքարիի կամուրջին վրայ ատրպէյճանական դրօշի տեղադրման միջադէպէն յետոյ՝ Յունիս 15-էն Արցախ ընդհանրապէս որեւէ բեռ չէ մտած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment