Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ռուսաստանը Այս Հարցով Կողմ Չէ, Եւ Ես Չեմ Ուզեր Խօսել Այդ Երկրին Մասին». Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագրին Մասին

«Ռուսաստանը Այս Հարցով Կողմ Չէ, Եւ Ես Չեմ Ուզեր Խօսել Այդ Երկրին Մասին». Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագրին Մասին

by MassisPost

Ուաշինկթընը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրը հասանելի կը համարէ՝ չնայած երրորդ երկիրներու մեկնաբանութիւններուն։

Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըրը՝ մեկնաբանելով Ռուսաստանի Դաշնութեան յայտարարութիւնները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Արեւմուտքի միջնորդութեան վերաբերեալ։

«Ես չեմ ուզեր խօսել Ռուսաստանի մասին, երբ խօսքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մասին է: Ես կ’ուզեմ խօսիլ այն երկու երկիրներուն մասին, որոնք անմիջականօրէն կապուած են, եւ որոնք անմիջական կողմեր են այս վէճին մէջ: Մենք ուղիղ կերպով շփուած ենք այդ երկիրներուն հետ: Յատուկ բանագնաց Պոնօն անցեալ շաբաթ այցելած է տարածաշրջան եւ անմիջականօրէն համագործակցած է անոնց հետ: Եւ մենք կը համարենք, որ չնայած այլ երկիրներու մեկնաբանութիւններուն, որոնք այս հարցով կողմ չեն, համաձայնութիւնը կը մնայ հասանելիութեան սահմաններուն մէջ», ըսած է Միլլըր։

Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխատիլ կողմերուն հետ՝ համաձայնութեան հասնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment