Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ Զեկուցողները Պաքուէն Եւ Ռուս Խաղաղապահներէն Կը Պահանջեն Վերացնել Լաչինի Միջանցքին Շրջափակումը

ՄԱԿ Զեկուցողները Պաքուէն Եւ Ռուս Խաղաղապահներէն Կը Պահանջեն Վերացնել Լաչինի Միջանցքին Շրջափակումը

by MassisPost

ՄԱԿ-ի փորձագէտները Ատրպէյճանին կոչ կ’ընեն վերացնելու Լաչինի միջանցքին շրջափակումը եւ դադրեցնելու մարդասիրական ճգնաժամը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Այս մասին ըսուած է միջազգային կառոյցին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

ՄԱԿ-ի փորձագէտներու խումբը կ’ահազանգէ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակման մասին, որ յանգեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական սարսափելի ճգնաժամի։

«Վերջին եօթը ամիսներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը խոչընդոտող շրջափակումը բնակչութիւնը կանգնեցուցած է սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առողջապահական մաքրութեան միջոցներու սուր պակասի առաջ, ազդած է բժշկական եւ կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան վրայ եւ վտանգած է մարդոց կեանքը։ Բնակիչները, յատկապէս երեխաները, հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, տարեցները, յղի կանայք եւ հիւանդները, զգալի վտանգի տակ են», կը նշեն փորձագէտները։

Անոնք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն անյապաղ վերականգնելու Լաչինի միջանցքով՝ երկու ուղղութիւններով, մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի համաձայնագրին համապատասխան։

«Մենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ընենք պահպանելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները՝ յարգելու եւ պաշտպանելու մարդու իրաւունքները, ներառեալ՝ սնունդի, առողջութեան, կրթութեան եւ կեանքի իրաւունքը: Մենք նաեւ կ’ընդգծենք համագործակցութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը բոլոր ներգրաւուած կողմերուն միջեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ կայուն լուծում գտնելու համար», կը նշեն փորձագէտները։

Անոնք ռուս խաղաղապահներուն ալ կոչ կ’ընեն պաշտպանելու Լաչինի միջանցքը՝ զինադադարի համաձայնագրին պայմաններով։

«Վերացնելով շրջափակումը, իշխանութիւնները կրնան մեղմել հազարաւոր մարդոց տառապանքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ թոյլ տալ մարդասիրական օգնութեան անարգել մուտքը», կ’ըսեն փորձագէտները՝ շեշտելով․ «Այս ճակատագրական ժամանակաշրջանին կարեւոր է ապահովել բոլոր անհատներուն անվտանգութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ բարեկեցութիւնը»։

Պաքուն արձագանգած է ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողներու յայտարարութեան։ «Մտահոգիչ է, որ 30 տարի Ատրպէյճանի տարածքներու գրաւման, մէկ միլիոն փախստականներու եւ հարկադիր տեղահանուածներու մարդու իրաւունքներու ոտնահարման վրայ աչք փակած ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողներն ու փորձագէտները, խաբուելով ու ենթարկուելով Հայաստանի խաղերին՝ հանդէս կու գան կողմնակալ յայտարարութիւններով», կ’ըսուի Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը, մասնաւորապէս, նշած է, որ «այդ յայտարարութիւններու մէջ օգտագործուած է «Լեռնային Ղարաբաղ» եզրոյթը, եղած է միջամտութիւն Ատրպէյճանի ներքին գործերուն եւ թոյլ տրուած են երկակի մօտեցումներ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment