Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայկ Մարութեանը Պիտի Մասնակցի Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

Հայկ Մարութեանը Պիտի Մասնակցի Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն

by MassisPost

«Ես յայտարարում եմ, որ իմ խմբի հետ միասին մասնակցելու ենք Երեւանի աւագանու յառաջիկայ ընտրութիւններին», տեսաուղերձով ըսած է նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեան։

իսկ ո՞րն է Հայկ Մարութեանի խումբը, որով ան կը պատրաստուի մասնակցելու ընտրութիւններուն: Նախընտրական շտաբի մամուլի պատասխանատու Յովսէփ Գուպաթեանը «Ազատութեան» յայտնեց, որ Մարութեանը պիտի գլխաւորէ Ազգային Առաջընթաց Կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը, սակայն ինք որեւէ կուսակցութեան պիտի չանդամակցի:

Կուսակցութեամբ կամ դաշինքով մասնակցութիւնը օրէնսդրական պահանջ է:

ինչպէս պարզ կը դառնայ Ազգային Առաջընթաց Կուսակցութեան կայքէջէն, այն հիմնադրուած է 2018 թուականի յեղափոխութենէն ամիսներ անց՝ Հոկտեմբերին, քաղաքացիական տարբեր շարժումներու մասնակիցներու կողմէ:

Իր պաշտօնանկութենէն ամիսներ անց, Հայկ Մարութեանը կը խոստանար  աղմկոտ բացայայտումներ ընել, բացի անկէ, յայտնած է առաջադրուելու-չառաջադրուելու իր որոշման մասին: Աղմկոտ բացայայտումներ չեղան, իսկ առաջադրուելու մասին Մարութեան յայտնեց Կիւմրիի մէջ «Քաղաքապետը» վերնագրով վերջին ներկայացումէն յետոյ:

Մարութեանի պաշտօնանկութենէն յետոյ, երբ ան կոշտ քննադատեց իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը, Փաշինեանի խումբը մեղադրեց յեղափոխական արժէքներէն հեռանալու համար եւ յայտնեց, որ տարբեր պաշտօնեաներ իրեն դիմած են անօրինական շինութիւններ օրինականացնելու հարցերով ու մերժում ստացած են, Պետական Վերահսկողական Ծառայութիւնը ուսումնասիրութիւններ սկսաւ քաղաքապետարանին մէջ: Ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերէին Մարութեանի պաշտօնավարման տարիներուն, եւ ՊՎԾ-ն յայտարարեց, որ յայտնաբերած է 8,5 միլիառ դրամի խախտումներ՝ յատուկ շեշտելով, որ խախտումները աւելի շատ են, քան նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչ, նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի 7 տարուան պաշտօնավարման ընթացքին յայտնաբերուածները։

Մէկ տարի առաջ Դատախազութիւնը յայտարարեց, որ պիտի ուսումնասիրէ Մարութեանի օրօք քաղաքապետարանին մէջ արձանագրուած ենթադրեալ չարաշահումները: Այս տարուան Օգոստոս 3-ին, պատասխանելով «Ազատութեան» գրաւոր հարցումին, Դատախազութենէն յայտնած են, որ Հայկ Մարութեանին առնչուող քրէական վարոյթներ առկայ չեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment