Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահները Մերժած Են Դէպի Հաքարիի Կամուրջ Ինքնաշարժներով Երթը Ուղեկցելու Դիմումը

Ռուս Խաղաղապահները Մերժած Են Դէպի Հաքարիի Կամուրջ Ինքնաշարժներով Երթը Ուղեկցելու Դիմումը

by MassisPost

Խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարի տեղակալ Սազոնովը Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամներուն գրաւոր պատասխանած է, որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը չի նախատեսեր ինքնաշարժերով երթերու ուղեկցումը, ինչպէս նաեւ տարբեր շարժումներու եւ հանրահաւաքներու անվտանգութեան ապահովումը։

«Ճանապարհային անցակէտերով երթեւեկութեան ժամանակ խաղաղապահ զօրակազմը կը ստուգէ արգիլուած իրերու, մասնաւորապէս, հրաձգային զէնքի եւ պայթուցիկ նիւթերու առկայութիւնը», նշուած է խաղաղապաներու պատասխանին մէջ, որ հրապարակած է նախաձեռնութեան անդամ Արթուր Օսիպեանը։

Արձագանգելով ատրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներուն վրայ տարածուող տեղեկատուութեան, որ օգտուելով ինքնաշարժներով երթի պատրուակէն՝ ռուսական զօրակազմը խաղաղ երթի ժամանակ Հաքարիի կամուրջի անցակէտին մօտ հնարաւոր է ուժ կիրառէ ատրպէյճանական ուժերու նկատմամբ, խաղաղապահ զօրակազմէն հերքած են այդ՝ ընդգծելով, որ բողոքի խաղաղ շարժումները խաղաղապահ զօրակազմին համար հիմք չեն որեւէ ռազմական գործողութեան իրականցման համար։

Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժման անդամները յառաջիկայ օրերուն կը ծրագրեն փոխադրակառքերով երթ կազմակերպել դէպի ատրպէյճանցիներուն կողմէ փակուած Հաքարիի կամուրջ՝ «փորձելով ցոյց տալ աշխարհին, որ Ալիեւը կը ստէ, թէ ճանապարհը բաց է»։

Ուրբաթ օրը շարժման անդամները ժամանած էին ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վայր եւ պահանջած, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար Ալեքսանտր Լենցովը պատասխանէ, թէ ի՞նչ քայլեր պիտի ձեռնարկեն՝ ապահովելու իրենց անվտանգութիւնը փոխադրակառքերով երթ իրականացնելու ժամանակ՝ համաձայն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան: Ռուս խաղաղապահները խոստացած էին գրաւոր պատասխանել ցուցարարներու հարցումներուն։

Ատրպէյճանցիները փակած են Հաքարիի կամուրջը 23 Յունիս 2023-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment