Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Խաղաղ Բնակչութիւնը Դիտաւորեալ Սովի Մատնելը Պատերազմական Յանցագործութիւն Է»․ ՄԱԿ-ի Մէջ Քննարկուեցաւ Նաեւ Արցախի Իրավիճակը

«Խաղաղ Բնակչութիւնը Դիտաւորեալ Սովի Մատնելը Պատերազմական Յանցագործութիւն Է»․ ՄԱԿ-ի Մէջ Քննարկուեցաւ Նաեւ Արցախի Իրավիճակը

by MassisPost

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն (ԿԽՄԿ) չի կրնար իրականացնել իր մարդասիրական առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, խաղաղ բնակչութիւնը սովի մատնելը պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք չէ անպատիժ մնայ․ այս յայտարարութիւնները հնչած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդին մէջ, ուր երէկ ուշ երեկոյեան տասնեակ երկիրներու դիւանագէտներ, Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ, հաւաքուած էին՝ քննարկելու պատերազմական իրավիճակներուն մէջ սովի բացառման, անվտանգութեան ապահովման ուղիները։

Բանախօսներու ելոյթներուն, մեղադրանքներուն մեծ մասին հասցէատէրը Ռուսաստանն էր, որ անցեալ ամիս միակողմանիօրէն խզեց հացահատիկային գործարքը, ինչին հետեւանքով ուքրանական պարէնի մատակարարումներէն զրկուած ափրիկեան տարածաշրջանին մէջ բախած են լրջագոյն խնդիրներու։

Որոշ երկիրներու, այդ շարքին՝ Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի ներկայացուցիչները «Մոսկուայի քաղաքականութեան հետեւանքով սովի, զրկանքներու, տառապանքներու» մասին խօսելու ատեն յիշեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շուրջ ութ ամիսէ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամին մասին, որ յառաջացած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով։

Դիւանագէտները մոլորակին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները վերացնելուն զուգահեռ կը յորդորէին ապահովել նաեւ դէպի Արցախ մատակարարումներն ու այնտեղ ապրող մարդոց ազատ տեղաշարժի իրաւունքը։

«Մենք գործ ունինք իրավիճակի մը հետ, երբ մայրերը չեն կրնար սնունդ հայթայթել իրենց երեխաներուն համար, միւսները չեն կրնար դեղորայք գտնել ծայրայեղ հիւանդ ազգականներու համար», օտարերկրեայ գործընկերներուն պատմած է նիստին մասնակցած Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Վահէ Գէորգեանը։

Հայաստանցի դիւանագէտը ընդգծած է, որ անգործութեան գինը շատ բարձր է, ԼՂ-ի մէջ ծանր վիճակի խորացումը եւ սովի տարածման վտանգը կը պահանջեն միջազգային հանրութեան պատշաճ եւ արդիւնաւէտ արձագանգը՝ ապահովելու Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշումներուն ամբողջական եւ առանց նախապայմաններու իրականացնումը, միջազգային մարդասիրական օրէնքներու յարգումը:

Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարին դիտարակումը, թէ սովը եւ մարդոց տանջանքներ պատճառելը պատմութեան մէջ պատերազմի յանցագործութեան վառ օրինակներ եղած են, նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաթալի Պրոտհերսթը իր խօսքին մէջ յիշատակած է՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղին։

Ֆրանսացի դիւանագէտը ընդգծելով, որ խաղաղ բնակչութիւնը դիտաւորեալ սովի մատնելը պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք չէ անպատիժ մնայ՝ կոչ ըրած է վերացնելու ԼՂ-ի համար մարդասիրական օգնութեան մատակարարման բոլոր խոչընդոտները։

Լաչինի միջանցքով մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու պահով խոչընդոտներու կը բախի նոյնիսկ Կարմիր Խաչի Միջացգային Կոմիտէն, յայտարարած է մարդասիրական կազմակերպութեան խոշորագոյն նուիրատուներէն՝ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքինի գլխաւորութեամբ նիստի մասնակիցներուն յորդորելով քայլեր ձեռնարկել սնունդի կարիք ունեցողներուն մատակարարումներ ապահովելու ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment