Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւի Վարչակարգը Դուրս Եկած Է Նախատեսուած Բանակցութիւններէն․ Պէտք Է Կիրառել Պատժամիջոցներ

Ալիեւի Վարչակարգը Դուրս Եկած Է Նախատեսուած Բանակցութիւններէն․ Պէտք Է Կիրառել Պատժամիջոցներ

by MassisPost

ԱՄՆ Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ, գոնկրէսական Ֆրենք Փալոնը հրապարակաւ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն վերաբերեալ, կը գրէ «Ամերիկայի Ձայն»ը։

«Յուլիս 29-ին ատրպէյճանական զինուժը ձերբակալած է արցախցի քաղաքացու մը, որ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին կողմէ կը տեղափոխուէր Հայաստան` բուժման նպատակով։ Անոնք [ատրպէյճանական կողմը] անհիմն կը պնդեն, թէ ան պատերազմական յանցագործ եղած է 1991-ի Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին ժամանակ՝ այսպիսով, վտանգաւոր նախադէպ ստեղծելով միւս բոլոր հայերուն համար, որոնք մասնակցած են երկու պատերազմներուն: Մարդու իրաւունքներու այս խախտումը տեղի կ’ունենայ Օգոստոս 1-ին Սլովաքիոյ [մայրաքաղաք] Պրաթիսլավայի մէջ կայանալիք Արցախի ղեկավարութեան հետ ծրագրուած բանակցութիւններէն Ալիեւի վարչակարգի դուրս գալէն քանի մը օր անց», մասնաւորապէս, յայտնած է Փալոնը։

Ըստ Հայկական Յանձնախումբի համանախագահին, Ալիեւի գործողութիւնները կը շարունակեն վկայել, որ ան շահագրգռուած չէ փարատելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու անվտանգութեան եւ ապահովութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները, որոնք անհրաժեշտ պայման են տեւական խաղաղ կարգաւորման համար: «Փոխարէնը, ան կը շարունակէ սապոթաժի ենթարկել բանակցութիւնները եւ կը կիրառէ ճնշման մարտավարութիւն՝ յոյս ունենալով սովամահ ընել մարդիկը իրենց պատմական հայրենիքին մէջ կամ ստիպել զանոնք ենթարկուելու իր դաժան իշխանութեան», ընդգծած է Փալոնը:

Անոր խօսքով, Ատրպէյճան կը շարունակէ արգելափակել Լաչինի միջանցքը՝ թոյլ չտալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ստանան պարէն, բժշկական պարագաներ եւ ուժանիւթակիրներ։ «Սա միջազգային իրաւունքի խախտում է, եւ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ [իրականացուող] ցեղային զտումներու ակնյայտ արշաւ։ Միջազգային հանրութիւնը, ներառեալ` Միացեալ Նահանգները եւ ՄԱԿ-ը, կրնան եւ պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկեն՝ կանխելու այս մարդասիրական ճգնաժամի հետագայ խորացումը։ Պետական Քարտուղարութեան կոչ կ’ընեմ օգտագործելու առկայ դիւանագիտական բոլոր գործիքները, ներառեալ` պատժամիջոցները, այս շրջափակման վերջ դնելու համար», եզրափակած է գոնկրէսականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment