Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թաներ Աքչամ․ «Ատրպէյճանը Կը Փափաքի Վտարել Ղարաբաղի Հայերը»

Թաներ Աքչամ․ «Ատրպէյճանը Կը Փափաքի Վտարել Ղարաբաղի Հայերը»

by MassisPost

Թուրք պատմաբան, ընկերաբան, ցեղասպանագէտ, ԱՄՆ-ի Քլարք համալսարանի փրոֆեսոր Թաներ Աքչամը, «Օրպելի» վերլուծական կեդրոնի հարցումին ի պատասխան, գնահատած է Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Ան «դասական ցեղային զտման» քաղաքականութիւն որակել Ատրպէյճանի գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Թաներ Աքչամի՝ «Օրպելի» վերլուծական կեդրոնին տրուած  մեկնաբանութիւնը ամբողջութեամբ․

«Այն դէպքերը, որոնք մեր աչքին առջեւ կը կատարուին Ղարաբաղի մէջ, բացայայտ մարդկային ողբերգութիւն են եւ թէ՛ երկկողմ, թէ՛ միջազգային պայմանագրերու բացայայտ խախտում։ Իրավիճակը հնարաւոր է գնահատել որպէս «դասական ցեղային զտման» քաղաքականութիւն։

Ատրպէյճանը Թուրքիայէն եւս ստացած աջակցութեամբ կը փափաքի վտարել Ղարաբաղի շրջանի բոլոր հայերը եւ վերջ տալ հայերու գոյութեան անոնց պատմական հողերուն վրայ։

Բաւականին մեծ է հաւանականութիւնը, որ առայժմ միայն տնտեսական եւ ճանապարհային փոխադրութեան շրջափակմամբ սկսած նախաձեռնութիւնը վերաճի մասշտաբներու, որ ներառէ բռնութիւն։

Ցաւալին այն է, որ միջազգային հանրութիւնը՝ Ռուսաստանի գլխաւորութեամբ, կը լռէ այս զարգացումներուն մասին եւ կը բաւարարուի միայն դիտելով։ Իմ ամբողջ յոյսս այն է, որ միջազգային հանրութիւնը դուրս գայ խոր քունէն եւ, Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելով, միջնորդ ըլլայ լուծման համար, որ կ’երաշխաւորէ Ղարաբաղի հայերուն հիմնարար մարդու իրաւունքները։

Մարդու իրաւունքները պաշտպանելը եւ անիրաւութիւնները կանխելը ամէն ինչ աւարտելէ յետոյ բացուող հովանոց չէ։ Ցեղային զտումները եւ/կամ ցեղասպանութիւնները կանխելը կոկորդիլոսի արցունքներ թափելը չէ այն բանէն յետոյ, երբ տեղի կ’ունենան վախնալիք բաներ։ Եթէ ցանկանութիւն կայ, որ ի յայտ չգան մեծ ողբերգութիւններ, աւելի գործուն միջամտութիւնը պարտադիր է։

իմ ամենամեծ յոյսս այն է, որ անհրաժեշտ միջազգային ճնշմամբ եւ երկկողմ հանդիպումներով առկայ իրավիճակը հանգուցալուծուի։ Մեր սիրտը, մեր հոգին Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ է, որ դէմ առ դէմ է լուրջ սպառնալիքներու հետ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment