Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Մտահոգուած Է ԼՂ-ի Մէջ Մարդասիրական Իրավիճակի Վատթարացման Մասին Լուրերով Եւ Կոչ Կ’ընէ Կատարելու Միջազգային Դատարանին Որոշումները

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Մտահոգուած Է ԼՂ-ի Մէջ Մարդասիրական Իրավիճակի Վատթարացման Մասին Լուրերով Եւ Կոչ Կ’ընէ Կատարելու Միջազգային Դատարանին Որոշումները

by MassisPost

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ մտահոգուած է Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի հետ կապուած խնդիրներու մասին լուրերով։ Այս մասին կ’ըսուի ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաքի մեկնաբանութեան մէջ։

«Գլխաւոր քարտուղարը խորապէս անյանգստացած է Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի հետ կապուած պահպանուող խնդիրներու մասին հաղորդագրութիւններով», ըսած է Հաքը:

Անոր խօսքով՝ գլխաւոր քարտուղարը կը յիշեցնէ իր նախորդ յայտարարութիւնը առ այն, որ կողմերը պէտք է կատարեն Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին, այդ շարքին՝ 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումները, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք կ’առնչուին Լաչինի միջանցքով անձերու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժի ապահովման երկու ուղղութիւններով։

«Ան յատկապէս մտահոգուած է «գետնի վրայ» մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման մասին լուրերով եւ կոչ կ’ընէ շտապ գործողութիւններ ձեռնարկելու՝ հեշտացնելու համար մարդասիրական օգնութեան առաքումը կարիքաւորներուն», ըսած է Հաքը:

Ան յաւելած է, որ գլխաւոր քարտուղարը երկու կողմերուն կոչ կ’ընէ աշխուժացնելու յարաբերութիւններու երկարաժամկէտ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը՝ յանուն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment