Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՊՆ-ն Չէ Կանխատեսած, Որ Թուրքիոյ ԶՈՒ-ն Եւս Ուղիղ Ներգրաւուած Պիտի Ըլլայ Արցախի Դէմ Պատերազմին Մէջ. Տօնոյեան

ՊՆ-ն Չէ Կանխատեսած, Որ Թուրքիոյ ԶՈՒ-ն Եւս Ուղիղ Ներգրաւուած Պիտի Ըլլայ Արցախի Դէմ Պատերազմին Մէջ. Տօնոյեան

by MassisPost

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը չէ կանխատեսած, որ Թուրքիոյ զինուած ուժերը կրնան յայտնուիլ պատերազմական գործողութիւններէն ընդամէնը 25-էն 45 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Քննիչ Յանձնաժողովի նիստին յայտնեց 44-օրյայ պատերազմի օրերուն ռազմական գերատեսչութիւնը ղեկավարած Դաւիթ Տօնոյեանը։

«Այդպիսի հաշուարկ մեր կողմից թերի է եղել, մենք չենք հաշուարկել այդպիսի բան, որ Թուրքիայի ԶՈՒ-ն անմիջապէս կարող են յայտնուել արցախեան թատերաբեմից ընդամէնը 45, 25 քմ հեռաւորութեան վրայ՝ իրականացնելով թռիչքներ», ըսաւ ան։

Միեւնոյն ժամանակ, պաշտպանութեան նախկին նախարարը պնդեց, որ պատերազմին նախորդող ժամանակահատուածին՝ Օգոստոսին Նախիջեւանի զօրավարժութիւններուն ժամանակ թրքական «F-16»-երու վերակայանումը Գյանջայի մէջ իրեն եւ Գլխաւոր շտաբին յուշած է, որ այդ վարժանքի նպատակով չէ: Այդ պատճառով ալ ինք ՀԱՊԿ դաշնակցիներուն ու ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու դեսպաններուն հետ բազամթիւ հանդիպումներ ունեցած է՝ զանոնք տեղեկացնելով Անգարայի հնարաւոր անմիջական մասնակցութեան մասին։

«Բոլորին տիակրամաներով տրուել են Թուրքիայի «F-16»-երի օդային տիակրամաները, ու տրուել են ամէնօրեայ պարբերականութեամբ։ Խնդրանքս եղել է՝ չէզոքացրէք այդ երկրի ներգրաւումը արցախեան պատերազմի թատերաբեմում», ըսաւ ան։

55-ամեայ Տօնոյեանը, խօսելով պատերազմին Թուրքիոյ ներգրաւուածությեան մասին, հաստատեց Գլխաւոր Շտաբի նախկին պետ Օնիկ Գասպարեանի յայտարարութիւնը, թէ ինք պատերազմին 3-րդ օրը Անվտանգութեան Խորհուդրի նիստին պնդած է, որ այն անհրաժեշտ է կանգնեցնել քաղաքական միջոցներով, քանի որ Հայաստանի զինուած ուժերը ունակ չեն կանգնեցնել թշնամիին յարձակումը։

«Դրա վերաբերեալ առաջին զեկոյցը ստացել եմ ես, դուր է եկել ինձ այդ զեկոյցը, դուր չի եկել այդ զեկոյցը, բայց մենք պարտավոր էինք ե՛ւ վարչապետին, ե՛ւ Անվտանգութեան Խորհրդին ներկայացնել մեր մօտեցումը, քանի որ հիմնական դրա պատճառն այն էր, որ կար երրորդ կողմի անմիջական ներգրաւուածությունը, որը մեզ համար տեսանելի էր», ըսաւ ան։

Ի՞նչն էր Հայաստանի հանգստութեան պատճառը, որ Թուրքիան ամբողջապէս պիտի չներգրաւուի Հայաստանի դէմ տարուող պատերազմին, Տօնոյեանէն հետաքրքրուեցաւ իշխանական պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանը։

Ռազմական կառոյցը երկուսքուկէս տարի ղեկավարած Տօնոյեանը պատճառաբանեց, թէ հաշուի առած են Ռուսաստանի հետ ռազմավարական գործակցութիւնն ու ՀԱՊԿ-ին անդամակցութիւնը։ Միւս մանրամասնութիւնները նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեան նախընտրեց նիստի արդէն չլուսաբանուող՝ փակ հատուածին ներկայացնել. «Հաշուի էինք առել դաշնակցի եւ այն դաշինքի մեր մասնակցութիւնը, որում մենք գտնւում ենք»։

Տօնոյեանը, որը գրեթէ երկու տարիէ կալանաւորուած է «ոչ-պիտանի հրթիռներու» գործով՝ շուրջ չորսուկէս միլիոն տոլար իւրացնելու համար, պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովին մասնակցելու հնարաւորութիւն ստացած էր դատարանին թոյլտուութեամբ։

Այս նիստին ան այլ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ալ ըրաւ։ Պնդեց՝ այն պահին, երբ ստանձնած է նախարարի պաշտօնը, գնահատական եղած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը պատրաստ եղած են 2-3 անգամ գերազանցող ուժի դիմակայելու։ Ըսաւ, որ հաշուի առնուած են պատրաստուածութիւնը, աշխարհագրութիւնը եւ այն բնագիծերը, ուր բանակն էր։

«Մենք կարող էինք դիմակայել Ատրպէյճանի յարձակումին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններով եւ ապահովէինք Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնն ու իրենց ինքնորոշման իրաւունքը», շեշտեց ան։

Ըստ Տօնոյեանի՝ մինչ 44-օրեան իրավիճակը գնահատած են սպառնալի, սակայն ռազմական գործողութիւններու մեկնարկին օրը յայտնի չէ եղած:

Պաշտպանութեան նախկին նախարարը նաեւ յայտնեց, որ պատերազմը կանգնեցնելու միակ հնարաւորութիւնը ոչ թէ պայմանագրերու ստորագրումը եղած է, այլ երրորդ ուժի` խաղաղապահներու տեղակայումը. «Պայմանաւորուածութիւններ են եղել, որոնք չեն իրականացուել, եւ ամսի 9-ի համաձայնությունները ոչ մէկը երաշխիք չունէր, որ կ’իրականացուեն, դրա երաշխիքը միակն է եղել, դրա երաշխիքը եղել է խաղարապահների կամ խաղաղութիւնը պարտադրողների ներկայութիւնը, այսինքն՝ ուժի ներկայութիւնը թատերաբեմում»։

«Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» յայտարարութեան հեղինակ Տօնոյեանը նաեւ ըսաւ, որ ինքզինք պատասխանատու կը համարէ, որ չէ կրցած կանխել պատերազմը ու յետոյ ալ դադրեցնել։

Ինչպէս նախորդ նիստերուն, այս մէկուն ալ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը չէր մասնակցած։ Դաւիթ Տօնոյեանը յայտնեց, որ կը փափաքի նիստին տեսնել նաեւ «Հայաստան» ու «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները։ Աւելի վաղ յանձնաժողովականներու հարցումներուն պատասխանած էր Հայաստանի վարչապետը։ Դաւիթ Տօնոյեանը իր մասնակցութեան համար պայման դրած էր, թէ պատրաստ է գալու, եթէ նիստը բաց ըլլայ, անկէ յետոյ կրնայ նաեւ փակ կարգով պատասխանել յանձնաժողովականներու հարցումներուն։

Տօնոյեանը վաղը եւս պիտի պատասխանէ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող յանձնաժողովականներու հարցումներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment