Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ես Զիջելու, Յանձնելու Յանձնարարութիւններ Վարչապետէն Չեմ Ստացած. Դաւիթ Տօնոյեան

Ես Զիջելու, Յանձնելու Յանձնարարութիւններ Վարչապետէն Չեմ Ստացած. Դաւիթ Տօնոյեան

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու Քննիչ Յանձնաժողովի նիստին յանձնաժողովի անդամ Դաւիթ Սանասարեանը պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանէն հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ չե՞ն եղած զիջելու, յանձնելու յանձնարարականներ:

«Ես այդպիսի յանձնարարութիւններ չեմ ստացել, եւ ամէն դէպքում, ինձ վերաբերող մասով հարցերը քննարկուել են: Եղել է ե՛ւ վիճաբանութիւն, եղել են իրար չհասկանալու, ճշգրտելու խնդիրներ, բայց դա բնական հոլովոյթ է եղել: Վիճաբանութիւնը մի գուցէ սուր ասացի, բայց այնպիսին, որը կարող էր ազդել ռազմական գործողութիւնների կամ ԶՈՒ կիրառման վրայ, այդպիսի յանձնարարութիւններ չեն եղել: Յանկարծակի որեւիցէ մէկի մտքով չանցնի, որ ես ինչ-որ գործարքի եմ գնում կամ չգիտեմ՝ ինչ եմ անում: Ես շատ լաւ գիտակցում եմ, թէ ինչու եմ ես կալանաւորուած, ինձ համար ենթագիտակցաբար կրում եմ այս կալանաւորումը, ոչ թէ այն փաթեթաւորումը, որ կայ. պատերազմի արդիւնքի համար, ոչ նրա համար, ինչը որ ձեւակերպուած է: Ոնց ուզում են դրան վերաբերուեն: Հէնց այդ ենթագիտակցութեամբ պատրաստ եմ շարունակել, որպէսզի պարզ լինի, իրավիճակն էլ լիցքաթափուի:

Յանկարծակի որեւիցէ մէկի մտքով չանցնի… Այդ բանսարկու մեղադրանքը, ի վերջոյ, մէկ է՝ բացայայտուելու է. արդէն իմ կալանքի հետ կապուած որոշումը Վերաքննիչ Դատարանը որոշել է բեկանել», ըսաւ Տօնոյեան:

Դաւիթ Տօնոյեանը պատասխանելով հարցումին, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ ընդունած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնն ու Զինուած Ուժերը, եւ որքանո՞վ էր բանակը պատրաստ պատերազմին, ըսաւ, որ հաշուի առնելով հանգամանքը, որ ան բաւական երկար ժամանակ պաշտօնավարած է նաեւ որպէս պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, կրնայ ըսել, որ իրեն վերաբերելի մասով Զինուած Ուժերու վիճակը գնահատուած է բաւարար։

«Զինուած ուժերը պատրաստ էին իրենից 2-3 անգամ աւելի ուժի դիմակայելու՝ հաշուի առնելով պատրաստութիւնը, աշխարհագրութիւնը եւ այն բնագծերը, որտեղ մեր զինուած ուժերը գտնւում էին։ Դա իմ գնահատականը չէ, դա փաստարկուած տեղեկատուութիւն է։ Ես ինչո՞ւ եմ ասում՝ 2-3 անգամ, այսինքն՝ պաշտպանական մարտ վարելու առումով Զինուած Ուժերի պատրաստուածութիւնը բաւարար էր։ Եթէ հարց առաջանար զօրահաւաքային միջոցների ներգրաւման առումով՝ դա այլ հարց է», նշեց Տօնոյեան։

Յանձնաժողովի անդամ Վահագն Ալեքսանեանը հետաքրքրուեցաւ՝ արդեօ՞ք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերակցութիւնը, առնուազն ռազմատեխնիկական յագեցուածութեան առումով, մէկը երկուքի եղած է կամ մէկը երեքի, քանի որ բաց աղբիւրներու մէջ եղած տուեալներուն համաձայն, օրինակ՝ «Սմերչ» միջոցներու յարաբերակցութեամբ 6-ը 20 յարաբերակցութիւն եղած է։  «Ես պատասխանեցի ըստ պատրաստականութեան աստիճանի, չեմ ասում՝ ինչ է եղել իրական վիճակը։ Անդրադառնամ «ՍՈՒ 30»-ներին, որոնք բազմագործառոյթ ինքնաթիռներ են. կործանիչների առումով յարաբերակցութիւնը ՀՀ-ի կողմից եղել է զրօ։ Այսինքն՝ մենք կործանիչ հակաօդային պաշտպանութեան օդանաւ ընդհանրապէս չենք ունեցել», ըսաւ Դաւիթ Տօնոյեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment